
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ճեք Հաճինեան դարձեալ իր թեկնածութիւնը դրած է Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն, երկար տարիներու իր փորձառութիւնը ի սպաս դնելու համար դժուար պայմաններու մէջ յայտնուած քաղաքին կառավարութիւնը բարեկարգելու ջանքերուն։
Հաճինեան 9 տարներ եղած է Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ երկու առիթներով ընտրուած է քաղաքապետ։
Ան նաեւ անդամ եղած է շարք մը շրջանային մարմիններու, որոնց շարքին՝ Սան Կապրիէլ հովիտի եւ «Կէյթուէյ» քաղաքներու կառավարութիւններու վարչական խորհուրդը, Քալիֆորնիոյ քաղաքներու միութեան բնակարանային, համայնքային եւ տնտեսական զարգացման յանձնախումբը եւ Ալամիտայի անցքի շինարարական մարմինի վարչութիւնը։
Հաճինեան ներկայիս անդամ է Լոս Անճելըս գաւառի Թմրեցուցիչի եւ ոգելից ըմպելիներու յանձնաժողովին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան։