ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրը կը տեղեկացնէ, թէ դոկտ. Դաւիթ Զաքարեան նշանակուեցաւ Հայկ եւ Իզապէլ Պէրպէրեաններու անուան հայագիտական ուսմանց դասախօսի պաշտօնին։
Դոկտ. Զաքարեան նախապէս կը դասաւանդէր Օքսֆորտ համալսարանի Ասիական եւ միջինարեւելեան ուսմանց բաժանմունքին մէջ։ Ան դոկտորի իր կոչումը ստացած է Օքսֆորտ համալսարանէն։
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթեց դոկտ. Դաւիթ Զաքարեանին, վստահութիւն յայտնելով, որ ան կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ Հայագիտականին շարունակուող յաջողութիւններուն մէջ։