Միացեալ Նահանգներու Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ Երեւան կատարած այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիընի ընկերակցութեամբ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ՝ քննարկելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մնայուն ու արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
«Այժմ հասած է ժամանակը ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիր մը, որ կարելիութիւն պիտի տայ վեր հանելու Հարաւային Կովկասի ընկերային եւ տնտեսական ներուժը», նշեց դեսպանատունը:
Նոյն օրը, Պոնօ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ: Անոնք քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ վերջին զարգացումներուն:
Գրիգորեան վերահաստատեց տարածաշրջանին մէջ համապարփակ ու երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման հայկական կողմի յանձնառութիւնը: