
ԳԷՈՐԳ ՏԻԳՐԱՆ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 4 Փետրուար 1939ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, կեսրայրին, հօրեղբօր, քեռիին եւ հարազատին՝ Գէորգ Տիգրան Ճէպէճեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2024ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 13 Յուլիս 2024ին, Պէյրութի ժամով առաւօտեան ժամը 11ին, Սուրբ Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Զուգագ Ալ Պլաթ, ապա թաղումը՝ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Համայն Ճէպէճեան, Պոյնէրեան, Տուզճեան, Իգնատոսեան, Մոմճեան, Պալուզեան, Տէյիրմէնճեան եւ Գազանճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Լիբանանի SANAD կազմակերպութեան։