
Դպրոցներուն մէջ դասաւանդուող «Հայոց պատմութիւն» նիւթը «Հայաստանի պատմութիւն» կոչելու տարեսկզբէն ի վեր բուռն քննարկումի նիւթ հանդիսացող հարցը վերջնականացաւ 11 Յուլիսին, երբ կառավարութիւնը իր նիստին որոշեց փոխել անունը:
«Հայոց պատմութիւնը» «Հայաստանի պատմութիւն» դարձնելու՝ կառավարութեան քայլը անընդունելի նկատեցին Պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի նախագահը, «Հայոց Պատմութիւն» դասագիրքի հեղինակը, Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնը եւ այլ պատմաբաններ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ՝ իբր թէ այս հարցով դիմած են խումբ մը մասնագէտներու:
«Բացարձակապես մեզ չեն հարցրել՝ ո՛չ մեզ, ո՛չ Երեւանի Պետական համալսարանին, ո՛չ Մանկավարժական համալսարանին, եւ քաղաքական որոշում է կայացուել, ինչպէս յաճախ մեզ մօտ լինում է», «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:
Ան համոզուած չէ դասագիրքը անուանափոխելու վարչապետին հիմնաւորումներով: Հայոց պատմութիւնը եւս կը նշանակէ Հայաստանի պատմութիւն՝ պարզաբանեց պատմաբանը։ «5րդ դարից՝ Ագաթանգեղոս, Խորենացի, Փաւստոս Բուզանդ, Ղազար Փարպեցի, հետագայում արդէն՝ Սեբէոս, Դրասխանակերտցի, 18րդ դարում՝ Միքայէլ Չամչեան, 19րդ դարում՝ Անտոն Գարագաշեան, Ղեւոնդ Ալիշան, Ստեփան Բալասանեան, 19ի վերջ 20ի սկիզբ՝ Լէօ՝ Առաքել Բաբախանեան, այսինքն՝ հայ պատմագիտութեան խոշորագոյն դէմքերը «Հայոց պատմութիւն»ն են ընտրել, որը նշանակում է Հայքերի պատմութիւն՝ Մեծ եւ Փոքր Հայքերի, եւ գրաբարով Հայք ձեւը՝ Հայքեր, այսինքն՝ երկու Հայաստաններ՝ Մեծ եւ Փոքր Հայք իմաստով, գրաբարի խոնարհուած ձեւով կը տան արդէն Հայոց պատմութիւն, որ կը նշանակի Հայաստանների պատմութիւն»:
Փաշինեան կը բացատրէ, թէ այս փոփոխութեան հիմքն ալ պետականութեան եւ անկախութեան քաղաքականութիւնն է: «Ո՞րն է տարբերութիւնը Հայաստանի պատմութեան եւ Հայոց պատմութեան. Հայաստանի պատմութիւնը պետութեան գոյութեան, զարգացման պատմութիւնն է՝ պետութեան չգոյութեան դրուագներով, իսկ Հայոց պատմութիւնը պետութեան չգոյութեան պատմութիւնն է՝ պետութեան գոյութեան դրուագներով: Սա շատ կարեւոր եւ հայեցակարգային տրամաբանութիւն է», ըսաւ Փաշինեան:
«Երբ խօսում է Արտաշէսեանների մասին Մովսէս Խորենացին, պետականութիւն չե՞նք ունեցել, Տիգրանի շրջան չի եղե՞լ, Արտաշէս չի եղե՞լ, եղել է, բա ինչո՞ւ է կոչւում Հայոց պատմութիւն: Սա ճիշդ բացատրութիւն չի, մեղմ ասած», հակադարձեց Մելքոնեան:
Ան տեղեակ չէ, թէ կառավարութիւնը ինչո՛ւ այդ փոփոխութիւնը կը կատարէ, բայց ինք համոզուած է՝ զիջողական քաղաքականութեան ծիրին մէջ: «Քաղաքականութեան մէջ ես զիջողականութիւն եմ տեսնում՝ հէնց այդ նոյն պետականութեան ու սուվերենութեան (գերիշխանութեան) առումով, եթէ սրա մէջ կայ քաղաքականութիւն: Իսկ գիտականութեան առումով, նորից եմ կրկնում, այստեղ երկրորդ կարծիք չի կարող լինել, որ Հայոց պատմութիւն տարբերակը շատ ճիշդ է», ընդգծեց Մելքոնեան: