ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Մեր ազգային ամուր պատուանդան՝ Հայ դաստիարակ:
Ազգային ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման մեծահոգի նուիրեալ, ազգային մարտահրաւէրի յախուռն եւ խոնարհ ծառայ, կրթական մշակ՝ Հայ ուսուցիչ:
Ազգային նուիրական անսահման ոլորտին մէջ, համեստ եւ անհատնում երազանքներով, յոյսերով եւ անխախտ հաւատքով զինուած է Հայ դաստիարակն ու ուսուցիչը, որուն արդար մակդիրն է՝ անխախտ հաւատքի ու անսահման նուիրումի ազգային խոնարհ ծառայ եւ մշակ:
Մարդկային մտահոգեւոր կեանքի պաստառին` իւրաքանչիւր պիտանի չնչին հետք կամ գործօն ազդեցութիւն թողած որեւէ դաստիարակ-դասատու՝ արժանաւոր տիպարի արդար ու պատուարժան ծաղկեպսակին արժանի է:
Մեր ազգային կեանքի զանազան վերիվայրումներն ու կորուստի անսահման վախն ու ցաւը մեզ կլանած ու նուազ սթափ դարձուցած են։ Մեր շուրջ թեւացող արժանաւոր անհատներու նուիրումներն ու զոհողութիւնները պէտք է տեսնելու եւ ըստ արժանւոյն լոյսի բերել։
Ի դէպ, մեծարանքի ու գնահատման տեսլականի գործօնը՝ ըստ արժանւոյն, անսահման եւ անվերջ պէտք է գործէ:
Այս մտորումներով, Յունիս 23ի երեկոյեան, Հայ կրթական հիմնարկութեան ազնիւ ուշադրութեան լուսարձակին ներքոյ կազմակերպուած մեծարանքի ու գնահատման երեկոյին, մեծ շուքով յայտարարուեցան եւ մեծարուեցան համայնքիս մէջ գործող, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ Հայ Դատի արդար լուծման սուրբ գործին նուիրուած անթիւ ու անսահման, համեստ դաստիարակ-մշակներու մեծ փաղանգէն մի քանի ստուար ներկայացուցիչներ, որոնք ըստ արժանւոյն յիշատակութեան եւ մեծարանքի պսակը կրեցին՝ կրթական մարզի մէջ վարագոյրի ետին գործող անցեալ, թէ ներկայ, անթիւ ու անհամար արժանաւոր բոլոր պաշտօնակիցները ներկայացնելով:
Փա՛ռք ու պատի՛ւ, ազգիս խոնարհ մշակ, հայ ուսուցիչի նուիրումն ու վաստակը գնահատող ու մեծարող կազմակերպութիւններուն եւ հիմնարկներուն մէջ գործող նուիրեալ ու հաւատաւոր անհատներուն:
Ի վերջոյ, ազգային նուիրումը ազգի մը արժանավայել վաստակն է, իսկ ազգին նուիրեալները՝ համազգային արժէչափով հաստատուած արժանաւոր հերոսներ են:
Կը հաւատանք, որ ազգի մը պայծառացումն ու գոյատեւումը նաեւ կը կառչի ազգային հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու մէջ գործող՝ գիտակից ու նուիրեալ ղեկավարներու եւ անհատներու միասնական արդար ջանքերով հիմնաւորուած՝ առաքելութեան:
Վերջապէս, առաւել սերտե՛նք ու ճանչնա՛նք, ազգին բազկերակը կեանքի կոչող եւ ազգային հպարտութիւնը փոխանցող ու պահպանող հերոսական ոգի՝ Հայ ուսուցիչը. մեր ազգային ինքնութեան պայքարի ու գոյատեւման յառաջապահը, մեր օրերու ֆետային եւ կենսատու աղբիւրը գալիքին…:
Եւ Դո՛ւք, Հայ կրթական հիմնարկութեան հայեցի կրթութեան ջատագով նուիրեալ սպասարկուներ՝ արդարօրէն գործեցէ՛ք ու նուիրաբերէ՛ք ձեր կրթանպաստի բարիքները, մեր ազգի զաւակներո՛ւն յարատեւ յառաջացման ի խնդիր:
Պատի՛ւ արժանաւորաց: