
Եւրոպական խորհրդարանի իտալացի երեսփոխան Մասիմիլիանօ Սալինի եւրոպական մօտալուտ ընտրութիւններու քարոզարշաւի ծիրին մէջ, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կատարած է Արցախի մասին հետեւեալ դիպուկ գրառումը.
«Կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները, խաղաղութեան գործընթացը եւ երկխօսութիւնը, որոնց անդրադարձան միջազգային հանրութիւնը եւ Հռոմի Ֆրանսիս պապը Զատկուան իր ուղերձին մէջ։ Բայց, մենք չենք կրնար եւ պէտք չէ մոռնանք, կամ ձեւացնենք, թէ չենք յիշեր չորս հազարամեայ իր հողէն արմատախիլ եղած քրիստոնեայ ժողովուրդի մը ողբերգական ջնջումը Լեռնային Ղարաբաղէն: Հիմա, որ լուսարձակները հակամարտութեան այդ օճախէն դարձեալ այլ կողմ մը դարձուած են, հայ ժողովուրդին դէմ գործուած յարձակումը կարելի չէ եւ պէտք չէ թերագնահատել կամ հարցը փակուած համարել։
«Եւրոպական կառոյցները այսօր նոր կարելիութիւն ունին յաղթահարելու կրաւորականութիւնը եւ բարձրացնելու իրենց ձայնը, գործելո՛ւ եւ ոչ թէ պարզապէս դիտելու: Անհրաժեշտ են, ինչպէս ես կոչ ըրի վերջին ամիսներուն, խիզախ քայլեր, որոնց զօրավիգ է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը (ԵԺԿ)՝ նոյնիսկ մինչեւ Ատրպէյճանի դէմ պատիժներ սահմանելու այլընտրանքին: Եւրոպա չի կրնար հաւաստի ըլլալ, եթէ մէկ կողմէ շարունակէ քարոզել ընդլայնման ձեւեր, իսկ միւս կողմէ չկարենայ պաշտպանել պատմութիւնը եւ ապագան ժողովուրդի մը, որ այսօր կը ներկայացնէ նաեւ եւրոպական մշակոյթը:
«Եւրոպական մեր սահմաններէն քանի մը քլմ. հեռու միայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատահածէն ետք, տակաւին ի՞նչ պէտք է պատահի մեզի։ Խաղաղութեան որեւէ գործընթաց կամ բանակցութիւն պէտք է հիմք ծառայէ տուժող կողմի իրաւունքներու եւ իրաւասութիւններու վերահաստատման եւ ոչ թէ փոխզիջման: Հռոմի Ֆրանսիս պապը խրախուսեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները, որպէսզի անոնք կարենան «շարունակել երկխօսութիւնը, օգնել տեղահանուածներուն, յարգել տարբեր կրօններու պաշտամունքի վայրերը»։
«Ի տես Լեռնային Ղարաբաղի ողբերգութեան, ուր մենք ականատես եղանք եկեղեցիներու, քրիստոնէական խորհրդանիշերու, նոյնիսկ մարդոց պատկերներու վրայ կործանարար միտումներով յարձակումներու, անմարդկային վայրագութեամբ գործողութիւններու՝ նպատակ ունենալով բնաջնջել ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը, տեղ չունի դիւանագիտութիւնը, որ կը ձեւացնէ, թէ չի գիտեր ինչ ընել, կամ երկչոտ կը գործէ։ Եւրոպան կրնա՛յ եւ պարտաւո՛ր է մեծ հարուած մը հասցնելու»: