Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան՝ անձնական իր շահերէն մեկնելով, իր յարաբերութիւնները կը զարգացնէ բոլոր գործընկերներուն հետ եւ չի պատրաստուիր դառնալ որեւէ մէկուն գործիքը:
Ան այս հաստատումը կատարեց՝ մեկնաբանելով լրագրողին այն դիտարկումը, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արեւմուտքի վտանգաւոր գործիքը դառնալու մեղադրանք ներկայացուցած է Հայաստանին։ «Միգուցէ, մեր ինքնիշխան արտաքին քաղաքականութիւնը որոշակի նեարդայնացնում է (ջղայնութիւն կը պատճառէ) առաջացնում տարբեր մայրաքաղաքներում: Դրան որեւէ կերպ չենք կարող արձագանգել: Միայն կարող եմ առողջութիւն մաղթել»:
Ըստ Կոստանեանի՝ Ռուսիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան որոշ ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները բնաւ չեն նպաստեր գործընկերային երկխօսութեան մթնոլորտի ձեւաւորման: «Մենք բարձրաձայնել ենք այն խնդիրները, որոնք տեսնում ենք Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնների օրակարգում: Կարծում ենք՝ կարելի է ակնկալել, որ դէ յուրէ (իրաւականօրէն) մեր դաշնակից պետութիւնը կ՛արձագանգի դրան եւ կ՛արձագանգի ոչ միայն խօսքերով, այլեւ քայլերով: Ինչպէս նաեւ չի կատարի քայլեր եւ չի անի յայտարարութիւններ, որոնք վնասում են, ինչպէս իրենք են պնդում, իրենց դաշնակցի կենսական շահերին», ըսաւ Կոստանեան:
Ան վերահաստատեց, որ Հայաստան կը շարունակէ ակնկալել, որ ՀԱՊԿը վերջապէս կ՛ընդունի, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները բռնագրաւուած են Ատրպէյճանի կողմէ: