
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԵՐԳԻՉ ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արդէն աւելի քան 45 տարի է ի վեր երգի ասպարէզին մէջ էք։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ձեր անցած ուղին։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Անցած ուղին երկար է, ու շարունակուողը նոյնպէս երկար, եթէ դարեր ապրիմ։ Ճանապարհը գեղեցիկ է, երաժշտութիւնը կ՛անմահացնէ։ Անցնող տարիները շատ արագ էին եւ կարճ, դիզուած թարմ յիշատակներով․ նորութիւններ զիս պահեցին կայուն, լեցուն՝ մանկական ու պատանեկան գարնանային քմայքներով։ Ո՛չ միայն 45, 50 կամ 60 տարիներ, այլ մանկութենէս սիրած եմ բեմը, երգը եւ ապրիլ արուեստը՝ երգով, խաղով, ներկով։ Ուստի կը շարունակեմ։ Գնահատանքը միշտ ուժ կու տայ։ Լաւագոյն քաջալերանքը եղած է ժառանգորդներ ունենալն ու բաժնեկցիլը, նոր սերունդին հետ ստեղծել նորը։ Բայց՝ հայկականը։ Մնալ ջերմ, անկեղծ։ Ազդեցութիւնները որդեգրել, հարստացնելով հայ երգը։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ձեր ոճով նորութիւն բերիք մասնաւորաբար Սփիւռքի հայ երգարուեստին։ Ձեր երգարուեստը ինչպէ՞ս ընդունեց հայ ունկնդիր հասարակութիւնը։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Յիշեցնեմ, որ իմ ոճս միայն Սփիւռքի համար նորութիւն չէր։ Հայաստան ալ չճանչցուած նորութիւններ կային․ սովետական, ռուսական ազդեցութիւնը կը տիրէր, սակայն գաղտնի մնացած էին պոռթկումները։
Երբ Ցեղասպանութեան յիսնամեակին՝ 1965ին, պատերուն փակցուեցան «թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ»ն, շատ ազդեցիկ էր այդ, վերածնունդ մըն էր հայապահպանման, մշակոյթի բարգաւաճման։
Այդ օրերուն, երբ արտասահման ուսանած արուեստագէտներ վերադարձան Միջին Արեւելք, իրենց հետ բերին նոր շունչ եւ հոն սկսաւ ծառը ծաղկիլ եւ պտուղը տալ, 1975ի Լիբանանի պատերազմէն առաջ, որովհետեւ անկէ առաջ հայ արուեստն ու մշակոյթը մնացած էին լճացած գաղութային կեանքին մէջ, գաղթականութեան եւ ցաւի մթնոլորտին մէջ։



Հայկական արուեստին եւ մշակոյթին ծառայելու համար պէտք է իսկապէս սիրել արուեստը, ազդուիլ, արժեւորել, ապրիլ, մտերմանալ, մշակել, նորոգել եւ անշուշտ մատուցել ու զայն սփռել համայնքային, համաշխարհային չափերով ու միջոցներով։
Սփիւռքահայ կեանքին մէջ հայ գիրի, դպրոցի եւ եկեղեցիի կողքին մեծ է դերը նաեւ հայ երգին։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Շատեր ձեր ոճը կը համեմատեն հեղինակային երգարուեստի ոճին հետ։ Հեղինակային երգեր ունի՞ք։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Երբ Լիբանան էի, հայերէն չէի երգեր կամ չէի մեկնաբաներ հրապարակաւ։ Կը գնահատէի անշուշտ Լեւոն Գաթրճեանն ու Ատիս Հարմանտեանը, որոնք հայ երգը բերին տուները, ուր անցեալի թրքական ազդեցութիւնը կը տիրէր։ Մինչ այդ մենք, նոր սերունդը, տարուած էինք եւրոպական երաժշտութեամբ եւ երգերով։ Իսկ ուսանողական կեանքին մէջ կը հետեւէինք եւ պէտք է ճանչնայինք այլ մշակոյթներ, կարենալ յաջողելու համար մեր ասպարէզներուն մէջ։ Սակայն, հայ մշակոյթը էական տեղ պէտք է ունենար մեր կեանքին մէջ, որոնց համար յարմար միջավայրը ստեղծուած էր՝ գրականութիւն, թատրոն, պարախումբ…։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ է հեղինակային երգարուեստի ձեր գնահատումը։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ ինչո՞ւ այդ շրջանին հայերէն չէի երգեր։ Երբ պատրաստուած ես տունէն, ծնողքիդ տուած հայկական պաշարով, հօրդ անուշ ձայնով երգուած է «Բարձր Սարեր»ով, իսկ դպրոցը սորված ու երգած ես երգչախումբով՝ Կանաչեանէն, Կոմիտասէն, աշուղական երգացանկէն եւ մեր աննման պատարագին մասնակցած ես, իբրեւ դպիր Կիրակի օրերը, ալ չես ընդունիր այլ, հասարակ ու աժան ձեւով մշակուած երգերը։
Ազդեցութիւն ունէին նաեւ Արեւմուտքի, եւրոպական եւ այլ երաժշտութիւններ, որոնք մեր առօրեային մէջ սփռուած (propagande) մշակոյթ էին։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Բազմաթիւ երկիրներու մէջ համերգներ տուած էք։ Ո՞ր համերգը ամէնէն յաջողածը կը համարէք եւ ինչո՞ւ։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- 1975էն սկսեալ երգահանդէսներուն շարքը երկար է։ Ֆրանսայէն սկսած՝ Փարիզ, Լիոն, Մարսէյլ, Անգլիա՝ Լոնտոն, Պելճիքա, Գերմանիա, Յունաստան, Հոլանտա, Զուիցերիա, Սպանիա, Լիբանան՝ Պէյրութ, Սուրիա՝ Հալէպ եւ Դամասկոս, Եգիպտոս՝ Գահիրէ եւ Ալեքսանտրիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ Պոսթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Լաս Վեկաս։
Առաջին գեղեցիկ յիշատակը Փարիզի Olympia սրահին մէջ կազմակերպած եւ ներկայացուցած երգահանդէսս է, 1983ին, նուիրուած Սեւրի Սամուէլ Մուրատ Մխիթարեան վարժարանին
Միշտ յիշատակելի կը մնան 1984ին, Լիբանանի Համազգայինի կազմակերպութեամբ ունեցած բազմաթիւ երգահանդէսներս։
Շատ ուրիշ երգահանդէսներ ունեցած եմ, որոնք միշտ եղած են հրաշալի երգահանդէսներ ու առիթներ ապրելու գաղութներու սէրը, եւ հանդիսատեսներուն մօտեցումները։
Ունկնդիրներու կարծիքէն միշտ չէ որ լուր ունիմ։ Թէեւ երգահանդէսներուս, ինչպէս նաեւ այլ առիթներու, ներկաները միշտ գնահատած են երգարուեստս եւ ոճս։
Կ՛ուզեմ շեշտել եւ յստակացնել որոշ կէտեր ոճիս, մեկնաբանութեանս, հեղինակային ոճիս, նոր, անձնական յօրինումներուս մասին, անցեալինը որդեգրելու, անձնաւորումի բնազդային ըղձանքիս մասին…
Իմ ոճս եւ հայերէնով երգս սկսաւ Ֆրանսա։ Օտարութիւն էր։ Ետիս ձգած էի ընտանիք, ծննդավայր, ընկերներ, դպրոց եւ համալսարան, թատերախումբ, պատկերազարդ փայլփլուն բազմաերանգ առօրեայ…
Որբացած էինք Յարութ Պէզճեանին հետ։ Կ՛երգէինք միասին Փարիզի մեթրօներու անցքերուն մէջ, անգլերէն եւ ամերիկեան այլ ծանօթ երգեր. եկամուտ մըն էր, աշխատանք։
Սկսանք ծանօթանալ հայ գաղութին, որ մեզ կը գնահատէին։ Իմ համբաւս սկսած էր արդէն Պէյրութ՝ Վարուժան Խտըշեանի «Թատրոն 67»էն եւ Toute La Ville Chante-ի հեռատեսիլի երգի մրցանակէս, ուր առաջնութիւն շահած էի։
Ժամանակի թաւալումին հետ կարիքը սկսայ զգալ հայերէն երգին… Մանկութենէս կ՛երգէի արդէն քանի մը երգ, սորված՝ հօրմէս եւ մեծ հօրմէս։ Առաջին երգը, որ ուզեցի վերամշակել եւ ներկայացնել եղաւ «Կարօտ»ը, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին յօրինուած «Զինուորին երգը»։ Հոն էր ՍԿԻԶԲը հայ երգիս։ Կարօտ կոչեցի, լեցուած կարօտով, որ կը տեւէ տակաւին։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ձեր երգացանկը թէ իր ոճով եւ թէ բովանդակութեամբ խառնուրդ մըն է հինի եւ նորի։ Այսօր նոյնանման ոճով այլ երգիչներ կա՞ն։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Շատ ուրիշներ կան, նորեր եւ ոչ նորեր, որոնց հանդիպած եմ համացանցի, YouTube-ի միջոցաւ, պատահաբար։ Տխուր է կղզիացած մնալ, կապերու պակասը զգալի է, հազուադէպ են առիթները։ Հանդիպիլ, դէմ դիմաց տեսնուիլ։ Ծանօթանալ, աշխատակցիլ եւ ինչու չէ միասին արտադրել, միասին կազմակերպել, նոյնիսկ զիրար քննադատել, վիճաբանիլ։ Բարի նախանձ եւ մրցակցութիւն ստեղծել, որմէ կը ծնի յառաջդիմութիւնը։ Ուրախ եմ, որ տասնեակէ աւելի խումբերէ, նուագախումբերէ, անհատներէ՝ երաժիշտ, հեղինակ ու երգիչ, գնահատական նամակներ ստացած եմ։ Շատեր նոյնիսկ տեղեկացուցած են, թէ ազդուած եւ որդեգրած են ոճս ու մեկնաբանութեանս գոյնը։ Անոնք նոր սերունդէն են, երիտասարդներ, որոնք կ՛աշխատին հրամցնելու իրենց ստեղծագործութիւնները։ Պէտք է առիթներ ստեղծուին, տարածուին եւ սփռուին հեռու հորիզոններու, լայն դաշտերու վրայ…
Աւաղ, միշտ նեղ են մարզերը…
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Բազմաթիւ հայ թէ օտար երգիչներու հետ ունեցած էք համերգներ։ Ո՞ր երգիչին կամ երգիչներուն հետ կ՛ուզէիք համագործակցիլ եւ երգել։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Առաջին երգահանդէսս լման նուագախումբով էր, դաշնակահար Փաթրիս Փէյրիերասի ղեկավարութեամբ, որուն հետ նոր աւարտած էինք երկրորդ ձայնապնակս՝ «Երազ»ը։ Փաթրիսին մասին կ՛ուզեմ խօսիլ, ներկայացնել եւ նկարագրել մեր հանդիպումն ու աշխատանքի շարունակութիւնը, որ կը տեւէ մինչեւ օրս։
Առաջին անգամ երբ հանդիպեցայ Փաթրիսին, զիրար չէինք ճանչնար, փոխադարձաբար ծանօթ չէինք իրարու աշխատանքին, մտիկ իսկ չէի ըրած իր նուագն ու գործերը, նոյնպէս՝ ինքը։ Ուզեցի նախ երգերս բացատրել, բայց ան նախընտրեց, որ առանց մտահոգուելու, սկսիմ երգել․ ձայնանիշերը գրուած չէին, որպէսզի ինծի հետեւէր։ Քանի մը տասնեակ երաժշտական չափերէ ետք, ան սկսաւ ընկերանալ երգիս եւ մտիկ ընելով իմ ելեւէջներս, եղանակին կառոյցն ու կշռոյթը, առանց խանգարելու երգը։ Դաշնակով սկսաւ ընկերակցիլ եւ աւելի ներդաշնակ մեղեդի աւելցնելով, աննման ձեւով կերտուեցաւ ուզածս, գոյնս ու սիրած դաշնաւորումս։
Դժբախտաբար այս որակը ոչ մէկ հայ երաժիշտի մօտ, որոնց հետ փորձած եմ աշխատիլ, գտած եմ։ Կը ցաւիմ, կարծեմ հայերէն ժողովրդական երգը, շատերուն համար պէտք է ըլլայ պորտախաղ, ոչ հայկական կշիռքով, թեթեւ, աժան, առանց լուրջ երաժշտական գիտակցութեան եւ դասաւորումի։ Աւելցնեմ, որ հայկական կշռոյթը 7/8-ն է, ոչ թէ այլ։
Անշուշտ երբ դասական է, երաժշտութիւնը գրուած, դասաւորուած է, դասական երաժիշտներն ու նուագողները կամ երգիչները շատ անգամ ենթակայ են միայն գրութեան եւ շատ քիչեր կը դրոշմեն իրենց գոյնը, անոր աւելցնելով իրենց անձնական մեկնաբանութիւնը։
Անդին, օտար երաժիշտներ միշտ գնահատած են, երբ մտիկ ըրած են հայ երգը, զմայլած անով ու մեկնաբանութեամբս։ Անոնք միշտ շեշտած են, թէ աննման է հայերէնը եւ ունի գեղեցիկ արտայայտութիւն եւ առոգանութիւն, երաժշտական է։ Կարելի է հպարտանալ մեր լեզուով։ Ես հպարտ եմ հայ երգով։ Երազս եւ իղձս է տալ եւ վայելել հայ երգի շարունակութիւնը։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ երգարուեստը մեր օրերուն։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Եթէ պիտի ընտրեմ հայ երգահան եւ մեկնաբան մը, այսօր Ռուբէն Հախվերտեանը կը մնայ լաւագոյնը, որ կը ճանչնամ եւ կը գնահատեմ իր գործերը, իր պատգամն ու ոճը, այլապէս խստօրէն կը մօտենամ անոնց, որոնք հայերէնն իսկ կը ջարդեն իրենց չըսելիքով եւ հասարակ ընդօրինակութիւններով։ Այսօր եւ միշտ ուզած եմ ծանօթանալ, ճանչնալ, հանդիպիլ նոր երգիչներու, որոնք հազուագիւտ են։
Ինչպէս ըսի, զուգադիպութեամբ, համացանցի միջոցով կը տեսնեմ ու մտիկ կ՛ընեմ, բայց մէկ երգով կամ մէկ ժապաւէնով չեմ կրնար ճանչնալ զանոնք։ Վստահ եմ կան ուժեր եւ երաժիշտներ, որոնք որակ ունին եւ արժէքաւոր աշխատանքներ կը կատարեն, բայց ո՞ւր են։
Ինչպէս իմ պարագայիս, ո՞վ պէտք եղածին չափ զիս կը ճանչնայ։ Ո՞վ ունի իմ խտասալիկներս։
Չեմ երազեր ըլլալ եւ գնահատուիլ իբրեւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող երգիչ եւ մտնել Toptwenty-ի մէջ։ Սակայն կը յիշեցնեմ, որ Շարլ Ազնաւուրն իսկ համաշխարհային համբաւ չէր ունենար, եթէ հայերէն երգեր։
Ճանչցուիլն ու փոխանցումներ կատարելը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ շատ մեծ աշխատանք է։ Մեր տեղեկութիւններու տարածումը սահմանափակ է։ Լիբանանի կամ Միջին Արեւելքի մէջ աւելի սեղմ եւ մտերիմ էր կեանքը, այլ եւ այլ գործունէութիւններով՝ աշխատանքի, թէ մշակոյթի ճամբով։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ո՞ր հայ եւ օտար երգիչներն են որոնք ամէնէն շատ տպաւորած եւ ներշնչած են Ձեզի։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Զիս տպաւորած եւ ներշնչած են շատ մը օտար երգահաններ ու երգիչներ՝ Simon & Garfunkel, James Taylor, Elton John, Carpenters, Peter Paul & Mary, Tom Johns, ինչպէս նաեւ՝ Շարլ Ազնաւուրը իր պատկերաւոր եւ գեղեցիկ երգերով ։
Իսկ հայ երգիչներ եւ երգահաններ, հին երգերէն եւ աշուղական երգերէն բացի, Յովհաննէս Պատալեան, Լեւոն Գաթրճեան, չմոռնալով Կոմիտաս, Կանաչեան, Խաչատուրեան, Ճելալեան…
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստանի մէջ համերգ ունեցած է՞ք։ Եթէ ոչ, ինչո՞ւ․ չէ՞ք մտածեր այդ մասին։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Հայաստանէն շատ խոստումներ եղած են եւ կան, ելոյթներ ունենալու, տակաւին կը սպասեմ։ Հայաստան բնաւ չեմ երգած կամ երգահանդէս չեմ ունեցած։ Ունեցած եմ զրոյցներ Երեւանի եւ Արցախի՝ Ստեփանակերտի մէջ, որոնց ընթացքին քանի մը երգեր երգած եմ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Մօտիկ ապագայի համար նոր ձայնագրութիւններ կատարելու ծրագիրներ ունի՞ք։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Մօտիկ ապագային կան երգահանդէսներու ծրագիրներ՝ Ամերիկա եւ Եւրոպա։ Նոր երգեր միշտ կան, գրած եւ յօրինած եմ, որոնք կը սպասեն բարերարներու։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ձեր կատարումներուն մէջ, ո՞ր երգը կամ երգերը կը կարծէք որ ամէնէն յաջողածն է ըստ Ձեզի։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Երգացանկիս մէջ շատ երգեր կան, որոնք միշտ նոր եւ թարմ կը մնան իրենց իմաստով, գեղեցկութեամբ եւ զիս կը տանին երազներուս։ Չեմ կրնար ընտրել միայն մէկ երգ, մի քանին կը նշեմ, պարզապէս յղելու միւսներուն։ Հին երգերէն առաջինը «Կարօտ»ն է, իսկ իմ յօրինածներէս՝ Պ.Սեւակի հետեւողութեամբ «Բարեւ»ը, Վ.Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը։ Հեղինակային նոր երգերէս «Վերադարձ» խտասալիկի 20էն՝ «Մինակ»ը, «Նոր Աշխարհ»ը եւ ուրիշներ, որոնք կը պատմեն առօրեան, սէրը, ընկերը, ծնողքը, ազգը, հոգին ու մարդկութիւնը։
Կ՛ուզեմ տեղեկացնել, թէ մինչեւ այսօր երգը չէ եղած հացիս աղբիւրը։ Երգահանդէսները եւ այլ առիթներ բաւական չեն, նոյնիսկ երաժշտական արձանագրութիւններուն, կամ երաժիշտներուն եւ ձայնապնակներ ու խտասալիկներ արտադրելու ծախսերուն համար։ Սակայն, երաժշտութիւնը, երգը եւ մշակոյթը իմ էական սնունդս է, կեանքիս «մոլութիւն»ն է, կիրքս ու կրակս է։
Միւս կողմէ երբ կ՛արտադրեմ ու կ՛ապրիմ արուեստս՝ պէտք է փոխանցեմ։ Անձնասէր չեմ ուզեր ըլլալ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ պատգամ կ՛ուղղէք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն։
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ․- Կը մնամ միշտ ու կ՛ապրիմ երգովս, յուսալով, երազելով, հաւատալով, կտակ ձգելով նոր սերունդին՝
– Շարունակել գրել, կարդալ, խօսիլ հայերէն,
– Պահպանել ու զարգացնել հայ դպրոցը,
– Հպարտօրէն զբաղիլ ու գործել հայ մշակոյթով, մնալ հայ։
Կանք ու կը մնանք՝ հպարտ հայեր։
Այս կարճ պատասխաններով բացատրեցի, մինչ ըսածս պարզապէս երգով աւելի լաւ կը հասկցուի…
Նկար
0000VT_a_night_out_1972_theatre67.jpg
«Թատրոն 67»ի ելոյթներէն պահ մը
0000VT_album_Veratarts_cover
0000VT_Olympia83.jpg
Փարիզի Olympia սրահին մէջ
0000VT_Profile1- 2