15 Դեկտեմբերին, խօսելով ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան յաջորդ տարուան գագաթնաժողովը հիւրընկալելու մասին՝ Ալիեւ պնդեց հետեւեալը. «Հակաահաբեկչական գործողութենէն ետք արեւմուտքի որոշ երկիրներ անհիմն մեղադրանքներ ուղղեցին Ատրպէյճանի հասցէին: Թէեւ միջազգային հանրութիւնը կը տեսնէ, որ նոյնիսկ Հայաստան հաշտուած է այս իրադրութեան հետ, եւ գագաթնաժողովը Ատրպէյճանի մէջ իրականացնելը անգամ մը եւս կը փաստէ այդ մէկը, սակայն, որոշ քաղաքական առաջնորդներ Ֆրանսայի մէջ կ՛ուզեն հայերէն աւելի հայ ըլլալ»:
Փաշինեանի ու Ալիեւի աշխատակազմերուն միջեւ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք Հայաստան համաձայնած էր աջակցիլ համաժողովը Ատրպէյճանի մէջ իրականացնելու դիմումին` ետ քաշելով իր թեկնածութիւնը: Նոյն համաձայնութեամբ՝ Ատրպէյճան նաեւ ազատ արձակեց 32 հայեր, Հայաստան` երկու ատրպէյճանցի զինուորներ: