«Ղարաբաղ. Վերադարձ տուն 30 տարի անց. նուաճումներ եւ բարդութիւններ» խորագիրով Պաքուի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երեսուն երկիրներէ մասնակցող վեց տասնեակ փորձագէտներուն ներկայացուց պաշտօնական Պաքուի տեսակէտը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին, միջազգային դերակատարներուն եւ այսօր քննարկուող բուն նախագիծին վերաբերեալ:
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան մօտ է խաղաղութեան պայմանագիրի 5 հիմնարար սկզբունքներու որդեգրման, եւ որ «եթէ հայկական կողմը քանի մը տարի առաջ ըներ այդ մէկը, հակաահաբեկչական գործողութեան կարիք չէր ըլլար»։
Ալիեւ ըսաւ, թէ Հայաստան պէտք է երաշխիքներ տայ Պաքուին, որ վրէժխնդրութեան փորձեր պիտի չըլլան, «որովհետեւ մենք գիտենք, թէ Հայաստանի մէջ ինչ կը կատարուի, գիտենք նաեւ, որ Հայաստան եւրոպական որոշ մայրաքաղաքներու մէջ բազմաթիւ «խորհրդականներ» ունի»։
«Ատրպէյճան կ՛ուզէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ ընդհանրապէս պատերազմ չըլլայ, սակայն հայերը պէտք է մոռնան այսպէս կոչուած ԼՂՀ պատմութեան մասին եւ անցնին սահմանազատման գործընթացի», ըսաւ Ալիեւ:
Ան նշեց, որ Ատրպէյճան եղաւ խաղաղութեան գործընթացի նախաձեռնողը. առաջին փուլին, հայկական կողմը ջանքեր գործադրեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» եզրոյթը համաձայնագիրի նախագիծին մէջ ներառելու համար, ինչ որ մերժելի էր Պաքուի կողմէ։ Կա՛մ համաձայնագիրը պիտի սահմանէ երկու փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները, կա՛մ ընդհանրապէս չենք խօսիր այդ մասին։ Մեր դիրքորոշումն էր՝ չանդրադառնալ այս հարցին, եւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը պէտք է ըլլայ փոխադարձ: Առ այդ, մենք ըսինք, որ եթէ հոն պիտի ներառուի Ատրպէյճանի մէջ հայկական փոքրամասնութեան հարցը, նոյն ձեւով պէտք է ներառուի նաեւ Հայաստանէն վտարուած ատրպէյճանցիներու հարցը: Անոնք ալ պէտք է վերադառնան Հայաստան, ապրին հոն, անոնց իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պէտք է բոլորովին երաշխաւորուի», ըսաւ Ալիեւ։
Մեկնաբանութիւններուն մէջ, անդրադառնալով երթեւեկութեան հաղորդակցութեան ուղիներուն`ան յայտնեց, թէ Հայաստան պէտք է սեփական ուժերով կամ եւրոպական միջոցներու հաշուոյն կառուցէ 42 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղային գիծ մը: Ատրպէյճան այդ մէկը կը նկատէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք, որուն նկատմամբ վերապահումներ չունի: «Բայց Ատրպէյճանին պէտք է դիւրին մուտք Նախիջեւան, առանց սահմանին մաքսային խոչընդոտներու, ստուգումներու կամ ընթացակարգերու: Ասիկա մեր օրինական իրաւունքն է», պնդեց Ալիեւ։
Ըստ անոր՝ Պրիւքսէլի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ այդ հարցերը քննարկելու ատեն անդրադարձ կատարուած է Ռուսիոյ եւ Քալինինկրատի երկաթուղային գիծի փորձառութեան, սակայն Հայաստան հրաժարեցաւ անկէ։ Ալիեւ պնդեց, որ հրաժարելով Զանգեզուրի տարբերակէն` Հայաստան շատ բան կը կորսնցնէ:
Ալիեւ յայտարարեց, որ կը քննարկուի Ատրպէյճանի, Հայաստանի ղեկավարներու եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահի մասնակցութեամբ նոր հանդիպումի մը իրականացումը։ «Ես անձամբ եւ Ատրպէյճան միշտ աջակցած ենք Շարլ Միշէլի ջանքերուն՝ դադրեցնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը։ Անոր կողմէ Պրիւքսելի մէջ քանի մը հանդիպումներ կազմակերպուած են։ Այժմ մենք կը քննարկենք հնարաւոր նոր հանդիպումը»։
Ընդգծելով, որ Մինսքի խումբի համանախագահները միակարծիք էին, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի՝ Ալիեւ շեշտեց, որ Պաքու ապացուցեց, որ երեք երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա, սխալած են։ «Մենք ապացուցեցինք, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում ունի: Այս հակամարտութիւնը լուծուեցաւ 3 տարի առաջ։
Խօսելով Արցախի հայերու ճակատագիրին մասին՝ Ալիեւ ըսաւ, որ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն ետք, Պաքուի դիրքորոշումը յստակ էր` կա՛մ անոնք կը դառնան Ատրպէյճանի քաղաքացիներ, եւ անոնց համար ստեղծուած են բոլոր իրաւական դաշտերը, կա՛մ այլ բնակութեան վայր կ՛ընտրեն։
«Լաչին վերադարձած բնակիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ես ըսի, որ եթէ անջատողական առաջնորդները յանձնուին, անոնց նկատմամբ կարելի է կիրարկել համաներում: Դժբախտաբար, իմ խօսքերը դարձեալ պատշաճ կերպով չգնահատուեցան: Այսօր, անջատողականներուն առաջնորդները Ատրպէյճանի մէջ են: Անոնք մեզի կը սպառնային, որ հրասայլերով պիտի գան Ատրպէյճան եւ Պաքու: Այսօր անոնք Պաքուի մէջ կը սպասեն մեր դատական համակարգի վերջնական վճիռին», ըսաւ Ալիեւ:
Անդրադառնալով Ղարաբաղի հայերուն հետ բանակցութիւններուն՝ ան ըսաւ, որ «անոնք հրաժարեցան Եւլախի մէջ հանդիպելէ, իսկ սեպտեմբերեան դէպքերէն ետք իրենք երկու անգամ եկան հոն»:
«Ատրպէյճանի նպատակը Հայաստանի տարածքը բռնագրաւել չէ», ըսաւ Ալիեւ՝ ընդգծելով, որ երբեմն Ատրպէյճանին «անհիմն» մեղադրանքներ կ՛ուղղուին այս գծով։ «Եթէ մենք ուզէինք ատիկա ընել, կ՛ընէինք։ Ես ասիկա բացէ ի բաց կը յայտարարեմ՝ այդ մէկը Ատրպէյճանի համար որեւէ տեսանկիւնէ մեծ խնդիր չէ։ Անոնք մէկ օրուան ընթացքին Ղարաբաղի մէջ զէնքերը վար դրին, իսկ Խանքենդիի (Ստեփանակերտ –Խմբ.) մէջ մեր դրօշը բարձրացուեցաւ։ Մենք չենք ուզեր այդ մէկը ընել», ըսաւ Ալիեւ։