Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան 31 Հոկտեմբերին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներով կառուցուող գործարանի ծրագիրը կը շարունակուի, բայց անիկա պիտի կառուցուի նախորդ վայրին «մօտակայք»ը։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ այսպիսով արդեօք տուրք չի՞ տրուիր Ատրպէյճանի սպառնալիքին՝ Քերոբեան արձագանգեց՝ ըսելով. «Մենք գործ ունենք մասնաւոր ներդրումներ իրականացնող ընկերութիւնների հետ, եւ իրենք են որոշում իրենց հետագայ անելիքը: Հաշուի առնելով աշխարհագրական եւ տարածաշրջանային միջավայրը` փորձում ենք իրենց մաքսիմալ (առաւելագոյն) օգտակար լինել»: