
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- «Ֆիկարօ Մակազին»ի փոխտնօրէն Ժ.-Ք. Պիւիսոն «Էքս»ի իր հաշիւին վրայ կատարած նոր գրառումով մը կը հաղորդէ, թէ ֆութպոլի ատրպէյճանական Qarabag FK ակումբը դիմած է Եւրոպայի ֆութպոլի դաշնակցութեան՝ եւրոպական մրցաշարքերու իր յաջորդ մրցումները Ստեփանակերտի մէջ կատարելու խնդրանքով։
«Ստեփանակերտի՝ Արցախի նախկին մայրաքաղաքին մէջ, ուրկէ Ատրպէյճան վտարեց բոլոր հայ բնակիչները, զանոնք 9 ամիս սովամահ ընելէ եւ ապա՝ ռմբակոծելէ ետք։ Դիմումին ընդառաջելը անպատւութիւն պիտի ըլլայ», կ՛աւելցնէ Պիւիսոն։