ՍՈՆԱ ՃԱՐՊԻԿԵԱՆ

Նկատի ունենալով, որ մամուլը եւ զանազան լրատուամիջոցները լայնօրէն մուտք գործած են մեր առօրեային մէջ եւ իրենց ազդեցութիւնը կը թողուն մեր մտածելակերպին եւ քայլերուն վրայ, 6-7 Հոկտեմբերին, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) Ընկերաբժշկական կեդրոնի «Գ. Համալեան» սրահին մէջ ընթացք առաւ ՍՕ Խաչի Հրատարակչական յանձնախումբին նախաձեռնած լրագրութեան երկօրեայ սեմինարը, մասնակցութեամբ ՍՕ Խաչի նստավայրի մասնաճիւղերու, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչերու, իսկ «Զում» հարթակով Քեսապի մասնաճիւղի անդամուհիներու եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին։
Սեմինարը բացուեցաւ ՍՕԽի քայլերգով, ապա մասնակցողները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգեցին Արցախի նահատակներուն յիշատակը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեան՝ յայտնելով, որ ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութիւնը «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ պիտի ունենայ իր յատուկ էջը, ուր ամսական դրութեամբ պիտի ներկայացուին ՍՕ Խաչի մասնաճիւղերուն եւ շրջանային յանձնախումբերու յատկանշական գործունէութիւնները։ Սոյն ծրագիրը գործնականի վերածելու եւ ճշգրիտ տուեալներով գործի սկսելու համար որոշուեցաւ լրագրական երկօրեայ դասընթացքի մը նախաձեռնել»։
Սեմինարի առաջին դասախօսն էր ՍՕ Խաչի վաստակաշատ ընկերուհի Հռիփ Կանանեան, որ անդրադարձաւ քարոզչական աշխատանքի նպատակին։ Կանանեան յայտնեց, որ քարոզչական աշխատանքը անհրաժեշտ է ժողովուրդին մօտ վստահութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելու, մօտեցնելու զայն մեր միութեան, որպէսզի օգտուին միութեան մատուցած ծառայութիւններէն։
Այնուհետեւ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան ներկայացուց տպագիր եւ առցանց մամուլը, անդրադարձաւ մամուլի կարեւորութեան, որ կը միտի բարձրացնել հասարակութեան իրազեկութեան մակարդակը եւ կարծիք ձեւաւորել: Ապա ան անդրադարձաւ լրագրութեան ոճին եւ լեզուին ու պարզեց լրագրողին հմտութիւնները եւ յատկանիշները:
Երրորդ դասախօսն էր Հրատարակչական յանձնախումբի անդամ Թալին Մինասեան։Ան ներկայացուց «գովազդ» կամ «ծանուցում» հասկացողութիւնը, դիտել տալով որ ծանուցումը երկու նպատակ կը հետապնդէ՝ աշխատանքի քարոզչութիւնը կատարել եւ հրաւիրել մասնակցութեան, իսկ տնտեսական հաստատութիւններու պարագային արտադրութեան վաճառքը խթանել։ Ապա Մինասեան թուեց յաջող գովազդի յատկութիւնները:
Սեմինարի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 Հոկտեմբերին: Դասախօս Հռիփ Կանանեան ներկայացուց «Սուրիահայ Մամուլի համառօտ պատմութիւնը» Հալէպի մէջ առաջին տպագիր թերթէն, հասնելով մինչեւ Բերիոյ Հայոց թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթը։ Ան անդրադարձաւ իւրաքանչիւր թերթի բնոյթին, բովանդակութեան, խմբագիրներուն եւ այլն: Աւարտին, ան լուսարձակի տակ առաւ սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ հայ մամուլին կարեւոր դերը:
Ապա տեղի ունեցաւ գործնական աշխատանք «Լուսանկարչութիւն» խորագիրով, զոր վարեց լուսանկարիչ Պերճ Պօղիկեան։
Պօղիկեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ լրատուութեան մէջ լուսակարի եւ ընդհանրապէս պատկերի ազդեցութեան, բացատրեց լուսանկարելու հիմնական սկզբունքները եւ լրատուութեան համապատասխան լուսանկարի ընտրութեան կարեւորութիւնը, ապա ճիշդ ու սխալ լուսանկարներու համեմատութիւն կատարեց՝ գործնական աշխատանքի մղելով մասնակցողները:
Այնուհետեւ ձայնասփիւռի հաղորդումներ՝ «radio» նիւթը ներկայացուց Անժելա Չաղլասեան, որ ներկայացուց ձայնասփիւռային աշխատանքի բնոյթը եւ դերը լրատուութեան մէջ, ան «Ռատիօ Երազ»ի սփռուող յայտագիրներուն եւ ուղիղ եթերի մասին խօսեցաւ եւ պարզեց հաղորդումներու նախապատրաստական աշխատանքը:
Սեմինարի վերջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Զարմիկ Պօղիկեան։ Ան խօսեցաւ պատկերասփիւռային յատկապէս լրատուական հաղորդումներու մասին, պարզեց պատկերասփիւռային հաղորդումներու առաւելութիւնները, հանրութեան հասանելիութեան տոկոսը, ինչպէս նաեւ տարբերութիւնը տպագիր կամ առցանց մամուլէն:
Ապա տեղի ունեցաւ վարժողական աշխատանք։ Իւրաքանչիւր մասնակցող լրատուութեան տեսակ մը պատրաստեց ու ներկայացուց, որմէ ետք տեղի ունեցան կարգ մը լրատուութիւններու բարձրաձայն ընթերցում եւ սրբագրութիւն:
Աւարտին, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիրան Ամպարճեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Հրատարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներուն՝ խոստանալով յաճախ կազմակերպել նման շահեկան դասընթացքներ։
Սեմինարը փակուեցաւ ՍՕ Խաչի օրհներգով։