Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն եւ Հոլանտայէն հասած առաւել քան 10,000 անձեր Կիրակի, է Հոկտեմբերին մասնակցեցան Պրիւքսէլի մէջ Ռոպերթ Շումանի անուան հրապարակին վրայ՝ ի զօրակցութիւն Արցախի կատարուած համաեւրոպական հանրահաւաքին: «Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, որ «Եւրոպացիները յանուն Արցախ»ի նախաձեռնութեան կազմակերպած հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգերով:
Հանրահաւաքին մասնակցողներու պարզած պաստառներուն գրութիւնները կը մեղադրէին Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենը` Ալիեւի վարչակարգը անպատժելի ձգելնով, կային նաեւ «Ալիեւ, մարդասպան» գրութեամբ պաստառներ:
Հանրահաւաքին մասնակցելու համար Ֆրանսայէն եկած էին բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներ, երեսփոխաններ, շրջաններու ղեկավարներ եւ քաղաքապետներ:

«Այսօր այստեղ հաւաքուածներէդ իւրաքանչիւրը կը կրէ պատասխանատուութիւն բոլոր այն մարդոց նկատմամբ, որոնք կ՛աշխատին, որպէսզի Արցախի 120,000 հայերուն ճակատագիրը չմատնուի անտէրութեան: Մենք արդէն կշտացած ենք յայտարարութիւններէն, եւ եկած է ժամանակը, որ Եւրոպա գործէ եւ անդրադառնայ հարցին, որ մենք` իբրեւ Եւրոպայի քաղաքացիներ, ունինք հաւասար իրաւունքներ պահանջելու այն, ինչ ը իւրաքանչիւր եւրոպացին կը պահանջէ: Այսօր միակ բանը, զոր մենք կրնանք ընել, բռունցք ըլլալն է, որպէսզի կարենանք մէկ բռունցք եղած՝ պայքարիլ այն բոլոր անարդարութիւններուն դէմ, որոնք, դժբախտաբար, կը թելադրեն աշխարհաքաղաքական խաղերը», ըսաւ Պելճիքայի Հայ կոմիտէի վեհաժողովի նախագահ Կարէն Թադեւոսեան:
Ցուցարարները խորհրդանշական երդում տուին` պայքարելու յանուն Հայաստանի եւ Արցախի՝ յատարարելով. «Պիտի չզիջինք եւ պիտի չհաշտուինք: Հայաստանի եւ Արցախի հայութիւնը կրնայ ապաւինիլ մեզի»: