Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ՝ տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբան հայրերու հանդիպում մը: Վեհափառը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի՝ Արցախի գրաւումով պարզուած կացութեան, մեր ժողովուրդին մօտ ստեղծուած խոր ցաւին ու ընդվզումին եւ Հայաստանի մէջ կայք հաստատած Արցախի մեր զաւակներուն մարդասիրական օժանդակութիւն կատարելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան:
Կաթողիկոսը յայտնեց, որ Հայաստան եւ մեր ժողովուրդը նոր կացութեան դիմաց կը գտնուին: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստան մօտէն հետեւի տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարէ՝ հեռու պահելով Հայաստանը անհամաչափ քայլերու վտանգաւոր հետեւանքներէն: Ապա, հայրապետը ընդգծեց, թէ իր արժեւորումով, ներկայ հանգրուանին, իրապաշտ մօտեցումով ռազմավարական նոր մօտեցում հարկ է ճշդուի, նկատի ունենալով յատկապէս հետեւեալ երեք կէտերը.
ա) Ռազմագերիներու եւ Ատրպէյճանի կողմէ բանտարկուած Արցախի պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակում։
բ) Մարդասիրական օժանդակութիւն Արցախի մեր զաւակներուն։
գ) Միջազգային երաշխիք՝ արցախցիներուն վերադարձի իրաւունքին:
Միաբանութիւնը իր խոր ընդվզումը յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին եւ բռնի ոյժով զայն իր պատմական հողերէն հեռացնելու անարգ քաղաքականութեան, որ իր մօտեցումով, եղանակով ու նպատակով ցեղասպանութիւն էր: Միաբանութիւնը նաեւ խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի նախկին եւ ներկայ պետական պատասխանատուներուն ձերբակալութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ շարունակուող սպառնալիքները: Ապա, միաբանութիւնը կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութեան, որ առաջնահերթութիւն ընծայէ Հայաստան ապաստանած արցախցի ընտանիքներուն՝ օժանդակութեան յատուկ ծրագիրներ մշակելով, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին՝ նոյն նպատակին համար անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարելու: