Հայրապետական Մաղթանք՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 28րդ Տարեդարձին Առիթով
Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալին՝ Արամ Ա. հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կիրակի, 2 Յուլիսին, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ՝ Ս. եւ անմահ պատարագի մատուցումով եւ Հայրապետական մաղթանքի կատարումով։
Հայրապետին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին միաբան հայրեր Ս. խորան բարձրացան եւ Հայրապետական մաղթանք կատարեցին՝ ընթերցելով աւետարանական հատուածներ եւ աղօթներ ու մաղթելով երկար գահակալութիւն հայրապետին եւ անսասանութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Սուրբ աթոռին:
Նարեկ արք. Ալեէմէզեան իր յաւուր պատշաճի քարոզը նուիրեց վեհափառ հայրապետին գահակալութեան ամեակին եւ միաբանութեան ու հաւատացեալ ժողովուրդին աղօթքներուն եւ բարեմաղթութիւններուն թարգմանը դարձաւ՝ «ակա՛նջ դիր, Տէ՛ր, իմ աղօթքիս, նկատի՛ առ բարձրաձայն խնդրանքներս» հայցելով Տիրոջմէն։
Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ սոյն Կիրակին կրկնակիօրէն օրհնեալ եւ երջանկալից է, որովհետեւ Ս. պատարագի խորհուրդին եւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Մարմինով եւ Արեամբ հաղորդուելու կողքին՝ Հայրապետական մաղթանքով կը նշենք Նորին Ս. Օծութեան ընտրութեան եւ օծման 28րդ տարեդարձը։ «Սաղմոսին բառերը մեզ կը հրաւիրեն, ինչպէս Հայրապետական մաղթանքին մէջ քանիցս յիշեցինք, փառք տալու Աստուծոյ, որ մեզի շնորհած է այսպիսի հովուապետ մը, եւ, թարգմանը դառնալով մեր միաբանութեան եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ կը մաղթեմ, որ Աստուած միշտ ծաղկեալ պահէ վեհափառ կաթողիկոսին հայրապետական գաւազանը, որպէսզի քաջառողջութեամբ եւ ծով համբերութեամբ շարունակէ իր հովուապետական բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն բարօրօրութեան համար», մաղթեց ան։
Առ այդ, սրբազան հայրը հակիրճ կերպով ընդգծեց Նորին Սրբութեան ծառայութեան քանի մը յատկանշական երեսները։
Յաւարտ Ս. պատարագին, Հայրապետական թափօրը եւ հաւատացեալները ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճը, ուր Դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը գործադրունեցաւ։
Յանուն միաբանութեան ուղերձ ընթերցեց Ս. Աստուածածին Վանքի վանահայր Շնորհք Ծ. վրդ. Աշըգեան։ Ան անհուն ուրախութիւն եւ խոր բերկրանք արտայայտեց հայրապետին՝ կաթողիկոսական օծման 28րդ տարեդարձին առիթով։ Հայր սուրբը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ այս առիթին համար՝ մանաւանդ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսին ճամբով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ բացուեցաւ վերանորոգուած ճանապարհ մը, ուրկէ ոգեղէն զգացութեամբ կրկին անցան մեր սուրբ հայրերն ու հերոսները եւ եկեղեցին ապրեցաւ վերաթարմութեան շրջան։ Հայր սուրբը ընդգծեց, որ արդար է ժողովուրդի մը անցեալի իրագործութիւններով հպարտանալը, սակայն ցնծութիւն է նաեւ ապրիլ վերելքը, եւ այս տեղի ունեցաւ Արամ Ա. հայրապետին օրով, մանաւանդ միջեկեղեցական մարզին մէջ, որուն հետեւանքով մեր Ս. աթոռը դրուեցաւ պատուադիր դիրքերու վրայ։
Հայրապետը, առաջին հերթին, իր բարձր գնահատանքը եւ ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց քարոզիչ սրբազանին եւ հայր սուրբին ազնիւ ու գեղեցիկ խօսքերուն համար եւ ընդգծեց, որ մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն կատարուող Հայրապետական մաղթանքը, հայրապետին անձէն ու գործէն անդին, նաեւ ուղղուած է հայրապետութեան, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ հայրապետը եւ այրապետութիւնը տարբեր իրականութիւններ չեն, այլ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն։
Վեհափառը ընդգծեց, որ խօսիլ հայրապետին մասին կը նշանակէ խօսիլ հայրապետութեան մասին եւ՝ փոխադարձաբար, ուստի այս առիթ է նաեւ ինքնաքննութեան եւ հրաւէր՝ մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ հայ եկեղեցւոյ դերին վերաշեշտաւորման, մանաւանդ՝ ներկայ օրերուն։
Այս ըսելով, հայրապետը ակնարկ մը նետեց ներկայ հայ կեանքի իրականութեան վրայ՝ քանի մը ընդգծումներ ու յիշեցումներ կատարելով։ Ան միասնականութեան եւ համախմբումի կոչ ուղղեց համայն հայութեան, յատկապէս Արցախի ներկայ կացութեան դիմաց եւ ըսաւ, որ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է՝ յոյս ներշնչել եւ փարոս ու ճանապարհ դառնալ ժողովուրդին կեանքին մէջ։ Աւելին, ան դիտել տուաւ, որ եկեղեցին կոչուած է Արցախի տխուր իրականութեան դիմաց լուր չմնալու, այլ՝ իր ձայնը բարձրացնելու ազգային եւ միջազգային բնագաւառներէն ներս՝ մեկնելով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքէն։
Արամ Ա. կաթողիկոսը սրտի ցաւով խօսեցաւ հայ ժողովուրդին մէջ տեղ-տեղ ծագած անտարբեր կեցուածքներուն ու պառակտումներուն, ինչպէս նաեւ արժէքներու նահանջին մասին, զանոնք համարելով անընդունելի։ Մեր եկեղեցին կոչուած է կարեւորութեամբ շեշտելու արժէքներու կենսական ներկայութիւնը ու ներգործող ոյժը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ աւելցնելով, որ եկեղեցին ժողովուրդին տագնապներուն դիմաց անտարբեր չի՛ կրնար մնալ: «Եկեղեցւոյ տեղն ու դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մայր էջին վրայ է եւ մեր հայրենիքը յուզող հարցերուն նկատմամբ ո՛չ միայն ըսելիք, այլ նաեւ՝ ընելի՛ք պէտք է ունենայ, միշտ յառաջապահ դիրքի վրայ», ըսաւ կաթողիկոսը։
Հայրապետը անգամ մը եւս դիտել տուաւ մարդուժի պակասի հարցը, մանաւանդ՝ ղեկավար դիրքերու վրայ, եւ հրաւիրեց բոլորին իրատեսութեամբ, իրապաշտութեամբ եւ համապարփակ ոգիով մօտենալու հարցերուն։ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսոթիւնը այս գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ խստապահանջութեամբ պիտի շարունակէ՝ իր կոչումին հաւատարմութեամբ որպէս եկեղեցի, իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդին կեաքէն ներս։ Մեր եկեղեցին պիտի շարունակէ իր ծառայական առաքելութիւնը Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան, մեր հայրենիքին հզօրացման եւ մեր ժողովուրդին անսասանութեան ի խնդիր», վստահեցուց կաթողիկոսը։
Հայրապետական պատգամին յաջորդեց «Կիլիկիա» օրհներգը, որմէ ետք վեհափառ արտասանեց «Պահպանիչ» աղօթքը եւ «Հայրապետական մաղթերգ»երով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։
Յայտնենք նաեւ, որ Հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ նաեւ մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։