Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցք մուտքի արգելափակումը Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միացեալ յայտարարութեան խախտում է, որ պատճառ կը դառնայ լարուածութեան խորացման:
Զախարովա այս հաստատումը կատարեց՝ մեկնաբանելով Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
«Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի մուտքը փակելու գծով լուսարձակի տակ կ՛առնենք այն փաստը, որ նման գործողութիւններ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան դրոյթներու խախտում են: Նման քայլեր պատճառ կը դառնան լարուածութեան սրումին եւ չեն նպաստեր Ռուսիոյ աջակցութեամբ` Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ բնական մթնոլորտի պահպանման», ըսաւ Զախարովա:
Ռուսիա կոչ ուղղեց Պաքուին՝ ամբողջութեամբ ապաշրջափակելու երթեւեկը Լաչինի միջանցքով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց եռակողմ համաձայնութիւններու անշեղ պահպանման կարեւորութիւնը: