24 Յունուարի երեկոյեան կազմակերպուեցաւ Արցախի բարեկամներու հեռավար հաւաքը` «Արցախ. 44օրեայ շրջափակում» խորագիրով, որուն մասնակցեցան յայտնի հասարակական-քաղաքական, մշակութային գործիչներ, խորհրդարանականներ, իրաւապաշտպաններ, հետազօտական-վերլուծական նշանաւոր կեդրոններու, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու, գործարար շրջանակներու օտար շուրջ 300 ներկայացուցիչներ` առաւել քան 40 երկիրներէ:

Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր՝ Արցախի բարեկամներուն ներկայացնել Ատրպէյճանի կողմէ 44 օրեր շարունակուող Արցախի ապօրինի շրջափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը, օրէ օր խորացող մարդասիրական հարցերը, ուժանիւթի ահագնացող ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ` մարդասիրական եւ քաղաքական հիմնահարցերու յաղթահարման միջոցները եւ մօտեցումները:
Իբրեւ հիմնական բանախօսներ հանդէս եկան Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, մասնակցողներուն բազմաթիւ հարցումներուն պատասխանեցին նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Մելքումեան եւ պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան:
Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի բարեկամներուն` նշելով, որ արցախցիները կը գնահատեն այն բոլոր ջանքերը, որոնք կը փաստեն, թէ այս ծանր իրավիճակին մէջ իրենք առանձին չեն։
«Չնայած մենք ծանր իրավիճակում ենք, բայց ես լաւատես եմ, որովհետեւ տեսնում եմ արցախցիների ոգին ու կամքի ուժը, եւ ինձ համար մեծ հպարտութիւն է այդ մարդկանց կողքին կանգնելը: Մենք պատրաստ ենք ամէն ինչով անցնելու, որովհետեւ արժանապատիւ ապրելու ձգտումը եւ սերը դէպի հայրենիքը մեծ ուժ է տալիս: Արցախի եւ արցախցիների` իրենց հողի վրայ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի պայքարը ոչ միայն հայերի, այլեւ աշխարհի համար է կարեւոր, քանի որ այն արժանապատուութիւնը, արժէքները պահպանելու պայքար է», ըսաւ Վարդանեան:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ներկայացուց շրջափակման պատճառով մարդու հիմնարար իրաւունքներու խախտումները եւ մարդասիրական հարցերը: Ան նշեց, որ շրջափակումը միայն դատարկ ցուցափեղկերը չեն. անիկա մարդոց հիմնարար իրաւունքներու` ազատ տեղաշարժի, առողջութեան, կրթութեան, պատշաճ կերպով սնունդ ստանալու իրաւունքներու խախտումներն են, տնտեսութեան եւ ենթակառուցուածքներու քայքայումն է, բնակչութեան նկատմամբ հոգեբանական ճնշումներն են, Հայաստանէն Արցախ վերադարձող մանուկներու ահաբեկումն է:
«Ադրբեջանն իրականացնում է յատուկ յանցաւոր քաղաքականութիւն, որը միտուած է հայրենազրկելու Արցախում ապրող հայերին, ոչնչացնելու նրանց: Իրավիճակը պահանջում է միջազգային հանրութեան յստակ արձագանգը: Միջազգային հանրութիւնը, այո՛, պատասխանատուութիւն ունի պաշտպանելու մարդու իրաւունքները: Մարդու իրաւունքն այլեւս պետութեան հայեցողութեան հարց չէ: Որպէս մարդու իրաւունքների պաշտպան` օգտագործելով այս առիթը, ցանկանում եմ դիմել ձեզ եւ խնդրել, որ գործադրէք բոլոր ջանքերը, որ միջազգային հանրութիւնը ստանձնի իր պատասխանատուութիւնը եւ իրական քայլեր ձեռնարկի` զսպելու Ադրբեջանի յանցաւոր քաղաքականութիւնը», ըսաւ Ստեփանեան:
Իսկ Բեգլարեան յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդը կ՛ակնկալէ միջազգային իրաւունքով հաստատուած սկզբունքներու պաշտպանութիւն նոյն միջազգային իրաւունքի պատասխանատուներու եւ դերակատարներու կողմէ: «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ցոյց տայ, որ Ադրբեջանը բարձր գին է վճարելու յանցագործութիւնների համար: Բոլոր երկրներից ակնկալում ենք, որ հանդէս գան Արցախի մեկուսացման դէմ եւ Արցախի միջազգային ներգրաւուածութեան ապահովման հարցը լուծեն: Այստեղ կրկին բոլոր երկրների, առաջին հերթին` ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրների` Ռուսաստանի, ԱՄՆի եւ Ֆրանսիայի համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է», ըսաւ ան:
Ղազարեան իր կարգին նկատել տուաւ, որ տարիներով Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի եզրերու ոտնահարումներու եւ յարձակողական գործողութիւններու անպատժելիութիւնը հասցուց ներկայ իրավիճակին: «Մինչեւ Ադրբեջանը չպատժուի, նման ցեղասպանական քաղաքականութիւնը շարունակելու է: Պատժամիջոցներ պէտք է կիրառուեն ոչ թէ Ադրբեջանի ժողովրդի դէմ, այլ` կոնկրետ (յստակօրէն) այն անձանց դէմ, ովքեր ներգրաւուած են քաղաքական որոշումների կայացման գործընթացում: Մեր բոլորի, առաջին հերթին` մեր բարեկամների ջանքերը պէտք է կենտրոնացած լինեն այս ուղղութեան վրայ», ըսաւ ան:
Մելքումեան ըսաւ, որ այս անգամ ընտրելով բնապահպանական կեղծ օրակարգ` ատրպէյճանցիները կը փորձեն այդպիսով աշխարհի համար «գրաւիչ» նիւթ գտնել` կարծելով, թէ անոր քօղին տակ կրնան օրինականացնել իրենց այդ յանցագործութիւնը: «Բայց նրանց այդ հաշուարկները չեն արդարացել: Այս 44 օրուայ ընթացքում մեր ժողովուրդը ցոյց տուեց իր կամքը, որ պատրաստ է այս պայքարին», ըսաւ ան:
Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները Արցախի բարեկամներուն կոչ ուղղեցին՝ շարունակելու միջազգային հարթակներու վրայ իրենց ջանքերը` Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, կայուն ապահովութեան երաշխաւորման միջազգային գործիքակազմերու բարելաւման, ցամաքային բնականոն հաղորդակցութեան վերականգնման, օդային մարդասիրական միջանցքի բացման, ինչպէս նաեւ`Ատրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւններու դատապարտման մէջ։