
44օրեայ պատերազմէն ետք, Արցախի Մարտունի քաղաքի տարածքին մէջ յայտնաբերուած` չպայթած հրթիռը եւ անկէ առնուած նմոյշները ներկայացուեցան փորձաքննութեան եւ անկախ փորձագիտական խումբին կողմէ կատարուած հետազօտութեան իբրեւ արդիւնք տրուած եզրակացութեամբ փաստուեցաւ, որ անիկա սպիտակ ֆոսֆորէ բաղկացած ֆոսֆորային ռազմամթերք է:
Ըստ Արցախի դատախազութեան՝ ռազմամթերքին յայտնաբերումը, վնասազերծումը եւ նմուշառման ամբողջ գործընթացը կատարուած է մասնագէտներու մասնակցութեամբ, ամրագրուած տեսաձայնագրութեամբ եւ հետազօտութեան առարկան ու փորձաքննութեան նիւթերը անհրաժեշտութեան պարագային կրնան ներկայացուիլ միջազգային փորձագէտներու հետազօտութեան:
«Այսպիսով, փորձագիտական հետազօտութեան արդիւնքներով հաստատուել է, որ 2020թ. 44օրեայ պատերազմի օրերին Ադրբեջանի զինուած ուժերը զանգուածային ոչնչացման ու մարդկային մեծաթիւ կորստի, տառապանքի ու վնասի յանգեցնող քիմիական զէնքով ուղիղ թիրախաւորել են այն բնակավայրերը, որտեղ գտնւում էր խաղաղ բնակչութիւն (պատերազմի օրերին ու դրանից յետոյ հրապարակուել էին քիմիական զէնքի կիրառութեան մասին վկայող մի շարք տեսանիւթեր)», կը նշուի դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ, ուր կը հաստատուի, որ այսպիսով «Ադրբեջանը կոպտօրէն խախտել է Ժնեւի կոնվենցիայի 35րդ յօդուածը»:
Դատախազութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, սակայն, չի նշուիր, թէ ո՛ւր եւ ի՛նչ կազմակերպութեան կողմէ կատարուած է փորձաքննութիւնը:
Պաքու տակաւին չ՛արձագանգեց Ստեփանակերտի այս պմդումին: