Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Կուտրաթ Հասանկուլիեւ առաջարկեց փոխել երկրին անունը` զայն դարձնելով Հիւսիսային Ատրպէյճան:
Ըստ անոր` Ատրպէյճանի մէջ պետականաշինութեան ուղղուած քայլերը անհրաժեշտ կը դարձնեն նոր սահմանադրութեան որդեգրումը: Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
«Առաջին քայլը պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի անունը փոխելը: Երկիրը պէտք է կոչուի Հիւսիսային Ատրպէյճան: Նաեւ, ինչպէս միւս բաժնուած ժողովուրդներու սահմանումներուն մէջ, գոյութիւն ունին հիւսիս եւ հարաւ բառերը: Կը կարծեմ, որ ասիկա խթան պիտի հանդիսանայ նաեւ հարաւային ատրպէյճանցիներու (Իրանի մէջ բնակող ազգութեամբ ատրպէյճանցիներուն) համար», ըսաւ ան:
Հասանկուլիեւ յիշեցուց, որ վերջերս Իլհամ Ալիեւ դատապարտեց Ատրպէյճանի նկատմամբ Իրանի «թշնամական քաղաքականութիւն»ը, որմէ ետք Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպանը երկաթէ բռունցք դրած է Իրանի դրօշին վրայ եւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածած այդ լուսանկարը:
Նշենք, որ վերջին շրջանին Թեհրանի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները բաւական լարուած են: