
Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը եօթներորդ արուեստի՝ շարժապատկերի, հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, որ երկրորդ տարին ըլլալով կը ժամանէ Լոս Անճելըս՝ «Դրախտի Դարպաս» (Gate to Heaven) կոչուող իր ժապաւէնին ցուցադրութիւնը իրականացնելու նպատակով: Ֆիլմը քաղուած է Արցախի քառօրեայ պատերազմի օրերու անցուդարձերէն եւ կը ներկայացնէ իւրայատուկ պատմութիւն մը:
Բեմադրիչ Աւետիսեան պաշտօնապէս հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որ ներկայ գտնուի «Դրախտի Դարպաս»ի ցուցադրութեան, Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ամերիքանա» առեւտրական կեդրոնի AMC սրահին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց բեմադրիչ Աւետիսեանը՝ ֆիլմարուեստի մէջ հայ ազգի եւ հայրենիքի գոյութենական հարցերը լաւապէս դրսեւորելուն համար եւ այս առիթով կոչ ուղղեց շրջանի հայորդիներուն, որ իրենց կարգին ներկայ ըլլան «Դրախտի Դարպաս»ի ցուցադրութիւններուն, քաջալերեն հայրենի երիտասարդ բեմադրիչը եւ անոր գործերուն ընդմէջէն հաղորդ դառնան հայութեան պատմութեան ու պայքարի աննկուն ոգիին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ