Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 28 Հոկտեմբերին ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնեցին, որ հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանային ապահովութեան ու կայունութեան հարցերու, միտքեր փոխանակուեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման, Արցախի տագնապի լուծման վերաբերող հարցերու շուրջ:
Միրզոյեան եւ Քլաար կարեւոր նկատեցին Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի մէջ եւ անդրադարձան առաքելութեան գործունէութեան:
Անոնք նաեւ միտքեր փոխանակեցին շրջանային փոխադրամիջոցներու երթեւեկի ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ սահմանային ապահովութեան եւ սահմանազատման յանձնաժողովներու աշխատանքին վերաբերեալ:
Միրզոյեան վերահաստատեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ վերջին յարձակման արդիւնքներու վերացման, մասնաւորապէս` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ատրպէյճանական զինուած ուժերւ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը: