Ժընեւի մէջ՝ ՄԱԿի ընդհանուր պարբերական դիտարկումի (ՀՊԴ) 4րդ շրջանի Հայաստանի ազգային զեկոյցի քննարկման ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոբերտ Աբիսողոմոնեան հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատար Վոլքեր Թիւրքի հետ, տեղեկացուցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Աբիսողոմոնեան եւ Թիւրք հանդիպումին ընթացքին անդրադարձան Հայաստանի եւ ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ գործակցութեան հարցերուն: Երկուստեք ընդգծուեցաւ գործակցութեան շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը՝ յատկապէս նկատի ունենալով գրասենեակին փորձագիտական կարողութիւնները:
Աբիսողոմոնեան բարձր յանձնակատարին ներկայացուց Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումները:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Աբիսողոմոնեան իր զրուցակցին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն՝ ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի ստորագրութեան կարեւորութիւնը:
«ԱԳ նախարարի տեղակալը կարեւորել է հումանիտար (մարդասիրական) բնոյթի հարցերի, մասնաւորապէս՝ անհետ կորածների ճակատագրերի բացայայտման եւ Ադրբեջանում ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիների եւ պատանդառուած քաղաքացիական անձանց ազատ արձակման խնդրի հասցէագրումը», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան տարածած մէջ: