
Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը նախ գոյութիւն առած է իբրեւ շաբաթօրեայ վարժարան, 1951ին: Ժամանակի ընթացքին եւ աշակերտներու թիւի բարձրացումով, Խնամակալ մարմինը 1964ին անհրաժեշտ նկատեց հաստատել մնայուն եւ ամէնօրեայ վարժարան մը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլար ապագայ սերունդները դաստիարակել հայկականութեամբ եւ ապահովել հայեցի դիմագիծի անաղարտ եւ առողջ պահպանումը:
Սոյն գաղափարը իրագործելու նախանձախնդրութեամբ, գործի լծուեցան Խնամակալ մարմնի անդամները՝ Մկրտիչ Մոսիկեան, Եղիշէ Յակոբեան եւ Ռուբէն Մաթեւոսեան, ինչպէս նաեւ Տնտեսական մարմնի անդամները՝ Կիրակոս Մահտեսեան, Վաղարշակ Դիլանեան, Գրիգոր Պետրոսեան, Մկրտիչ Մոսիկեան եւ Արշաւիր Պետրոսեան: Օգոստոս 3, 1960ին, կարելի եղաւ Փիքօ Ռիվերայի շրջանին մէջ գնել երեք արտավար հողաշերտ մը՝ 48,000 հազար տոլարի, որուն առաջին կանխավճարը կատարուեցաւ Հայ Կեդրոնի վարչութեան կողմէ, որ տրամադրեց 10,000 տոլար: Ճանապարհաշինութեան համար, քաղաքապետարանի պահանջով, վարչութիւնը հարկադրուեցաւ գնել յարակից երկու տնատեղերը՝ 13,000 հազար տոլարով, որուն վճարումը կատարեց Ս. Խաչ եկեղեցին:
Այստեղ չենք ուզեր թերագնահատել վճռական եւ կարեւոր այն դերը, որ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական ամէնօրեայ առաջին վարժարաններ եւ կրթօճախներ հիմնելու աշխատանքին մէջ, շնորհիւ իրենց ազնիւ մտադրութիւններուն ու ձեռներէցութեան: Սակայն պատուաբեր եւ անուրանալի են Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի հիմնադիր հնգեակի՝ Կիրակոս Մահտեսեանի, Վաղարշակ Դիլանեանի, Մկրտիչ Մոսիկեանի, Արշաւիր Պետրոսեանի եւ Գրիգոր Պ. Պետրոսեանի, ազգաշէն եւ անշահախնդիր նուիրումը դպրոցաշինութեան գործընթացին: Երախտարժան այս հնգեակը, որոնց անդամները փրկուած էին Մեծ Եղեռնի եւ համաշխարհային Բ. պատերազմի արհաւիրքներէն, Գերմանիոյ գաղթականական ճամբարներուն մէջ, արդէն յարգուած էին եւ կը վայելէին բոլորին համակրանքը իրենց ցուցաբերած պարկեշտութեամբ, ուղղամտութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ:
Սեպտեմբեր 10, 1963ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը նշանակեց դպրոցի շինութեան յանձնախումբ մը, Սմբատ վրդ. Լափաճեանի նախագահութեան ներքոյ: Ամէնօրեայ վարժարանի շինութեան հիմնարկէքը կատարուեցաւ Յունուար 26, 1965ին: Բրուտեան եղբայրներ ստանձնեցին շինարարական աշխատանքները։ Շինարարութեան նախատեսուած 300,000 տոլարին 102,000 հազարը տրամադրեց Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը:
Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեանի, Կիրակի, Հոկտեմբեր 31, 1965ին, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ պետական եւ ազգային ներկայացուցիչներու եւ ժողովուրդի խուռներամ բազմութեամբ:
Տարիներու թաւալումով եւ պայմաններու ու պահանջքներու համընթաց, աշակերտներու թիւը աճեցաւ, վարժարանի կրթական մակարդակը բարձրացաւ եւ հողատարածքը ընդարձակուեցաւ աստիճանաբար՝ 1968ին, 1969ին, 1971ին, 1972ին, 1974ին, 1979ին եւ 1983ին:
2022 թուականին, խանդավառութեամբ սկիզբ առին շինարարական յաւելեալ աշխատանքներ: Վարժարանի դասարաններու նորոգումներէն անդին՝ նկատի առնուած են նաեւ արդիական նոր ճաշասրահի եւ մարզադաշտի կառուցումները, ինչ որ յաւելեալ փայլք եւ պարծանք պիտի առթեն Մոնթեպելլոյի հայ համայնքին:
Այս բոլոր զոհողութիւնները կատարուեցան եւ կը կատարուին, նպատակ ունենալով հայ մատղաշ նոր սերունդի հանդէպ հոգատարութիւն տածել, որպէսզի անոնք թրծուին եւ դաստիարակուին ազգային արժէքներով եւ հայեցի առողջ դաստիարակութեամբ:
(Համադրուած՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարի 1984ի օծման առթիւ հրատարակուած յուշամատեանէն)