Սէյնթ Լուիսի մէջ իր աւարտին հասած Միացեալ Նահանգներու տղոց ճատրակի ախոյեանութեան, 14 մասնակցողներու կարգին էին Լեւոն Արոնեան եւ Սամուէլ Սեւեան:
Հայաստանի հաւաքականի նախկին առաջատարը` Արոնեան, որ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր այս մրցաշարքին, 6 կէտերով գրաւեց 10րդ դիրքը, արձանագրելով յաղթանակ մը, 10 հաւասարութիւն եւ կրեց երկու պարտութիւն:
Սամուէլ Սեւեան, որ արձանագրեց երկու յաղթանակ, 10 հաւասարութիւն եւ կրեց պարտութիւն մը միայն, 7 կէտերով գրաւեց 9րդ դիրքը:
Միացեալ Նահանգներու ախոյեան հանդիսացաւ Ֆապիանօ Քարուանա, որ ապահովեց 8.5 կէտեր` մնալով անպարտելի: