
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Երեք հիմնական զգացումներ մշտական տիրապետութիւն հաստատած են հայութեան մէջ. զայրոյթ, անտարբերութիւն եւ… զգայազրկուածութիւն:
Այո՛, սիրելի՛ ընթերցող. զգայազրկութի՛ւնն ալ զգացումներու շարքին անցած է, ինչպէս որ բազմաթիւ տարօրինակութիւններ եւ անտրամաբանական բաներ հիմա բնական դարձած են:
Աղաւնոյ-Բերձոր գօտին ալ առօք-փառօք յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին: Հոն արդէն կը ծածանի ազերիական դրօշակը: Քանի մը բնակարան հրկիզուեցան, քանի մը յուշակոթող փրկուեցան, որպէսզի այրած սրտերը… մխիթարանք ունենան: Ալիեւները կը տօնեն այս նորագոյն նուէրին ստացումը: Զարմանա՞լ, որ Հայաստանի իշխանաւորները չեն հրաւիրուած տօնախմբութիւններուն, մինչդեռ կար ժամանակ, երբ փափկասո՜ւն տիկին մը հպարտ-հպարտ հրաւէր ուղղած էր Ալիեւի տիկնոջ, որպէսզի Շուշի գայ եւ միասնաբար մուղամ լսեն: Շուշիի մէջ, հիմա նաեւ Բերձորի՝ ազերիները մուղամ կը հնչեցնեն եւ մոռցած են զիրենք հրաւիրո՛ղն ալ, նուիրատո՛ւն ալ: Մխիթարական խօսքեր կը տրուին, թէ ցնոր տնօրինութիւն, անցքէն հայերու երթեւեկը պիտի չխափանուի: Հաւատա՞նք, երբ ապրած ենք Գորիս-Կապան նուէր տրուած ճամբուն իրականութիւնը…
«Խաղաղութեան դարաշրջան» խոստացող իշխանական խումբը հետեւողական է իր զիջումի, նահանջի ու անձնատուութեան վարքագիծին մէջ: Պատերազմէն ետք, Շուշին հռչակուեցաւ դժբախտ ու տժգոյն, երբ արդէն ազերիական դրօշը կը ծածանէր անոր վերեւ: Յօժարակամ եւ բարձրաճակատ յանձնումին հետեւանքները՝ Արցախի եւ Սիւնիքի վրայ, տեսանելի են բոլոր անոնց, որոնք աչք եւ ուղեղ ունին եւ չեն յամառիր մնալ իշխանաւորներուն պատանդը, կառչած են «եթէ թռի իսկ՝ այծ է» տրամաբանութեան: Վաղը կրնան ըսել, որ որո՞ւն էր պէտք Բերձորն ու Աղաւնոն: Նոյն մտածողութեան պտուղը չէ՞ր Քարվաճառի եւ այլ շրջաններու նուիրաբերումը: Ո՞վ պիտի արգիլէ կամ առարկէ՝ եթէ վաղը կարգը հասնի Տիգրանաշէնի կամ Տաւուշի «կղզեակներուն», նոյնինքն Սիւնիքի՛ն: Ատրպէյճանն ու զայն հովանաւորող Թուրքիան պիտի բաւականանա՞ն մեր «վարպետորդի վարչապետ»ին նորագոյն հնարքով, այսինքն՝ Հայաստանէն դէպի Նախիջեւան քանի մը անցման ուղի ստանալով (կանգ չառնենք այս «գիւտ»ին անհեթեթութեան վրայ): Ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ Ալիեւի ախորժակները պիտի յագենան ցարդ իր կերածով: Չէ՞ որ իշխանաւորները կրնան հայկական նոր համադամներով հարստացնել հիւրասիրութեան սեղանը: Իսկ Ատրպէյճան չէ ծածկած իր ախորժակները, թէ կ՛ուզէ ուտել նաեւ Սեւանն ու Երեւանը, այսինքն՝ կուլ տալ ամբողջ Հայաստանը, իսկ Թուրքիա չի տատամսիր նորանոր սպառնալիքներ ուղղելու Հայաստանին, ըսելով. «Կատարէ՛ գրաւոր ու բերանացի խոստումներդ: Այսպէս թէ այնպէս՝ քեզ պիտի ուտեմ, անկախ անկէ, թէ ջուրը ուրկէ՞ կը խմես: Դուն իմ ջուրս կը պղտորես», այսինքն՝ համաթուրանական դարաւոր ծրագիրս կը խափանես:
***
Իշխանութեան պարտուողականութիւնն ու կրնկակոխ նահանջը, «տանք-տանք»երը զայրոյթի մատնած են ազգը, գոնէ այն զանգուածը, որ հաւատարիմ է հայրենիքի պահպանման, անոր պատմութեան ու պատմական աշխարհագրութեան (պատմութիւն եւ պատմական աշխարհագրութիւն տարբեր հասկացողութիւններ են): Սա չի կրնար թափանցել մտային կուրութեան մատնուածներու գիտակիցը, եւ հոս, ուսումն ու վկայականները գործ չունին: Խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական իրա՛ւ ընդդիմութիւնը (չմոռնանք, որ կան իշխանութեան կողքին կանգնած շինծու ընդդիմադիր վարձկաններ ալ) պատերազմէն ի վեր հազար ու մէկ փորձ կ՛ընէ, շրջելու համար անվերջ ու անյատակ անկումը, միասնութիւն ստեղծելու հայրենիքի փրկութեան առաջադրանքներուն շուրջ, իրականութիւններ տեսնելու անձերու, անհատ ղեկավարներ փնտռելու շրջագիծէն անդին: Անհատ ընդդիմադիրներ՝ քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ ու մտաւորականներ ալ լծուած են նոյն ճիգին (իշխանութեան եւ կոյր-բթացած համակիրներուն համար անոնք ապուշներ են): Իշխանաւորներուն քարոզչական մեքենան կը շարունակէ ուղեղալուացքի առաքելութիւնը եւ առանց բառերը գործածելու՝ կը յայտարարէ․
«Ժողովո՛ւրդ, դուն ինծի «երկաթէ մանտաթ» տուիր, ես ալ կ՛ընեմ այն՝ ինչ որ կը ցանկամ: Չեմ ուզեր որ տեսնես կամ հոգ ընես, թէ ինչպիսի՜ խոստումներով ստացայ այդ մանտաթը եւ հիմա կ՛ընեմ ճիշդ հակառակը: Հայրենիքի հողերը մաս առ մաս կու տամ թշնամի հռչակուածներուն, մեղքը կը նետեմ «նախկիններուն» վզին, ոտնակոխ կ՛ընեմ Սահմանադրութիւն եւ ազգային ամէն արժէք: Ամէն օր նոր ձեւեր կը գտնեմ երկիրն ու պետութիւնը կործանելու: Սահմաններուն պաշտպանութիւնը ա՛յնքան հոգս է, որքան՝ Ատրպէյճանի մէջ գերի մնացող մեր տղաքը, հայրենակիցները: Մեր երկրի պաշտպանութեան համար, ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր բարձունքները նուէր տուած եմ Ատրպէյճանին: Երբ խաղաղութեան էջը բանանաք՝ բանակին ու այդ «դժբախտ ու տժգոյն» դիրքերուն պէտք պիտի ունենա՞նք: Թուրքիոյ մէկ նահանգը կը դառնանք եւ ամէն հոգ անոր ուսերուն կը նետենք: Չէ՞ որ Ալիեւն ալ նման խոստում կու տայ Արցախի համար: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, տնտեսական կարճահաս բարելաւումը կը ներկայացնեմ իբրեւ մե՜ծ իրագործում: Քու կոկորդդ այնքան լայն է, որ այս ու նման սուտերս կը կլլես, վրայէն ալ գագաթ մը Ջերմուկի ջուր կը խմես (հա՛, վայելէ՛ այդ ջուրը, քանի ազերիները դեռ չեն հասած Ջերմուկ…): Մի՛ հաւատար ընդդիմադիրներուն, խելամիտ մարդոց՝ պատմագէտներու, ռազմական փորձագէտներու, տնտեսագէտներու, հայրենիքը բազկի ու մտքի ուժով պաշտպանենք ըսողներուն, այլ հաւատա՛ միայն ու միայն ինծի՛, որովհետեւ ունիմ քու մանտաթդ, համակրանքդ, վաղը եթէ Երեւանն ու Գիւմրին ալ անցընեմ «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»ի ցանկին, դառնամ Հայաստանը վերջնականապէս նուաճողին լիազօր գործակատարը, թուրք-ազերիին դրածոյ մարզպանը (Աստուած հոգին լուսաւորէ Վասակ Սիւնիներուն), դուն պիտի շարունակես կուլ տալ բոլոր սուտերս: Չէ՞ որ մեր նախահայրերէն մէկն ալ կը կոչուէր Շարա, որ նշանաւոր էր իր որկորով… (Պատմութեան մէջ չէ գրուած, որ Շարան արտագաղթած է):
Իսկ եթէ այս երթը, հայրենիքի եւ պետութեան կորուստի ժապաւէնը դիտելէ ձանձրանաս, պատրաստ եմ քեզի ամէն օր նոր զբաղում մը հայթայթելու: Յիշեցնեմ քանի մը հաճելի զբաղումներ:
– «Սուրմալու»ի մէջ ահաւոր պայթում մը պատահեցաւ: Տե՞ս, ամէն մարդ հիմա տարուած է հազար ու մէկ մեկնաբանութեամբ (դրսեցիներն ալ մասնակից են):
– Երեւանի, օդակայանին մէջ եւ այլուր, օրընդմէջ լարուած ռումբի ահազանգեր կը հնչեն: Հոս ալ մեկնաբանութիւնները մրցումի մէջ են:
– Բանակային ծառայութենէ ձերբազատիլ ուզողին՝ բանակային չըլլալը ծախու ապրանքի կը վերածեմ: Գլխաւոր դերակատար՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, որ կրօնական ազատութիւններու չնաշխարհիկ գիւտ մը հրապարակ կը նետէ: Այս «բարիքը» կրնայ տարածուիլ ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան վրայ: Խաղաղութեան դարաշրջանին՝ ի՜նչ բանակ, ի՜նչ ոստիկանութիւն, ի՜նչ անվտանգութեան սպասարկութիւն: Յետոյ, ի՞նչդ պակսեցաւ, երբ թուրք մը «Գորշ գայլեր»ու նշանը ցոյց տալով՝ ոռնաց Ծիծեռնակաբերդի շրջափակին մէջ: Վաղը, եթէ մեր թուրք եղբայրները (այսինքն՝ «պոս»երը) ցանկան՝ կը քանդենք Ծիծեռնակաբե՛րդն ալ, Սարդարապա՛տն ալ, Արամի, Նժդեհի, Դրոյի ու հայրենիք կերտող-պահպանողներու բոլո՛ր յուշարձաններն ալ, այդ գործը թուրքին ու ազերիին չենք ձգեր: Անոնք արդէն աւարտած են նախիջեւանեան իրենց առաքելութիւնը, հիմա ոգի ի բռին կ՛աշխատին Արցախէն իրենց խլած շրջաններուն մէջ: Ի՞նչ վնաս, եթէ մեր եկեղեցիները մզկիթի վերածուին: Այա Սոֆիան մզկիթի վերածուեցաւ եւ մէկը մատը-մատին չզարկաւ:
– Չկարծես, որ աչքիդ փոշի ցանելու համար քանի մը հազարով բարձրացուցի ամսաթոշակները: Անոնք ո՛չ միայն պիտի նուաճեն սղաճը, այլ շուտով պիտի հարստանա՜ս…
– Եթէ այս բոլորը բաւ չես նկատեր, մեր հնարամտութիւնը անսպառ է: Վաղը նորութիւններ կը հրամցնենք քեզի, որպէսզի մոռնաս, թէ Նոյեմբեր 9ի չըլլալի՛ք համաձայնութեան ամէնէն տարրական պայմաններն անգամ չեն կիրարկուիր Ատրպէյճանի կողմէ, սկսելով առաջին կէտէն, ուր պայման դրուած էր, որ ուժերը պիտի կանգնին իրենց գտնուած գիծերուն վրայ: Յետոյ՛ ի՜նչ վնաս. գերիները կրնան համբերել երկու ամի՜ս, երկու տարի՜ կամ…: Կա՞յ աւելի լաւ զգացում, քան… զգայազրկումը, որ կը տանի դէպի երանելի կրաւորականութիւն, անտարբերութիւն: Կրնանք նորութիւններ ալ հնարել՝ ընդդիմադիր ճակատը պառակտելու, մեր յանցանքները անոր ուսերուն նետելու, բաժանարարութիւնը նոր հնարքներով դէպի Սփիւռք տարածելու համար: Ո՛ղջ մնայ յատուկ յանձնակատարը: Նոր յատուկ դեսպաններ եւ յանձնակատարներ, պաշտօնի սպասումի, պոչ բռնած են»:
***
Զայրոյթն ու բողոքները, իշխանափոխութեան պահանջը առաւելաբար խօսքերով ու հրապարակային հաւաքներով հետապնդելը այլեւս անբաւարար են (եթէ երբեւիցէ բաւարար եղած են): Անբաւարար է նաեւ Սփիւռքէն հնչած ձայները. 2009ին, տխրահռչակ «փրոթոքոլներ»ու օրերուն, Սփիւռքը շա՛տ աւելի ներգործօն շարժման մէջ էր, հիմա, զգայազրկումը որոշ չափով կլանած է նաեւ զայն: Չենք արհամարհեր ցուցական քայլերը, սակայն…
Հայրենիք ու պետութի՛ւն կը կորսնցնենք եւ դեռ կը տուայտինք «հինի-նորի» թակարդին մէջ: Շատո՜նց անցած է պահը տեսնելու՝ թէ կարմիր գիծեր (ո՛չ միայն մէկ գիծ) հատուած են: Երէկ էր պահը միացնելու ձեռքերն ու կամքը, որպէսզի երկրի ղեկին բերուին բոլոր այն ուժերը, որոնք պատրաստ են ճիգ ընելու հայրենիքի փրկութեան:
Առաջին անգամը չէ, որ ազգովին կը կանգնինք լինել-չլիներու «Դամոկլեան սուր»ին տակ: Առաջին անգամը չէ, որ պիտի կարողանանք շրջել սեղանները, միացնել մեր բազկի ու մտքի (քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական-յարաբերական եւ այլ) ուժերը, որպէսզի ֆետայիներէն մինչեւ Հանրապետութեան կերտիչներուն, հայկական Նեմեսիսը կերտողներուն ու ժառանգորդներուն, Արցախը ազատագրողներուն ու Հայաստանի վերանկախացումը իրականացնողներուն կտակները հրոյ ճարակ չդառնան:
Երէկ, անկախութեան հռչակագիրի ընդունման տարեդարձն էր. վաղը պիտի գայ անկախութեան հռչակմա՛ն տարեդարձը, որուն նախօրեակին, իբրեւ թէ սահմանազատման ու «խաղաղութեան էջի» հետապնդման նպատակով բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան հոս-հոն, մասնաւորաբար Պրիւքսէլի մէջ: Պէտք է հաւատանք, ու ունի՛նք կարողութիւնը կասեցնելու հողանուիրումի երթը, փրկելու ՀԱՅՐԵՆԻՔը, խլուածն ու խլուելիքը:
26 Օգոստոս 2022