ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով 26 Օգոստոսին, հիւրի կարգավիճակով, մասնակցեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրներու վարչապետերու ընդլայնուած նիստին: Ատրպէյճան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի միութեան ժողովի մը: Հանդիպումը ընթացք առաւ օր մը առաջ՝ Ղրղըզիստանի մէջ:
Ասատով մասնակցութեան այս կարելիութեան համար յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ եւ Պելոռուսի վարչապետներուն:
Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը՝ ԵԱՏՄի նիստերուն, կը քննարկուէր տակաւին նախորդ Ապրիլին: Այն ժամանակ, սակայն, Հայաստան ընդդիմացած էր: Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Հանրային պատկերասթիւռի կայանի եթերէն ըսած էր, թէ Երեւան դէմ արտայայտուած է Ատրպէյճանի ներկայացուցիչին մասնակցութեան:
Թէ ինչո՛ւ եւ ե՛րբ փոխուած է Երեւանի դիրքորոշումը, տակաւին յստակ չէ: «Ազատութիւն»ը դիմեց կառավարութեան, սակայն պարզաբանումներ չստացաւ։
Մինչ այդ, Ասատով 26 Օգոստոսի նիստին շեշտեց, որ Ատրպէյճան գերազանց յարաբերութիւններ ունի ԵԱՏՄի անդամ գրեթէ բոլոր պետութիւններուն հետ` աւելցնելով, թէ Պաքու պատրաստ է ստեղծել բոլոր պայմանները, որ անոնք կարենան օգտագործել Ատրպէյճանի տարանցիկ ներուժը:
Առանց արցախեան պատերազմը յիշատակելու`ան պնդեց, որ տարածաշրջանին մէջ այլեւս նոր իրավիճակ ստեղծուեցաւ: «Տարածաշրջանին մէջ ի յայտ եկած նոր իրողութիւնները լաւ հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան եւ առեւտուրի նոր ուղիներու բացման համար», նշեց Ասատով։
Ռուսիոյ վարչապետը ուրախութեամբ արձագանգեց ԵԱՏՄ նիստին Ասատովի մասնակցութեան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ նոյնպէս ելոյթ ունեցաւ 25 Օգոստոսի ընդլայնուած նիստին, չանդրադարձաւ Ատրպէյճանի մասնակցութեան, բայց ողջունեց հիւրի կարգավիճակով մասնակցող երկիրները, որոնք այս պարագային երկու էին՝ Ատրպէյճան եւ Ուզպեքիստան:
Ան ընդգծեց, որ այն յոռետեսական կանխատեսումները, թէ Եւրասիական տնտեսական միութեան գօտիին մէջ անկում պիտի ըլլայ, իրականութիւն չդարձան, ճիշդ հակառակը` 2022ի առաջին կիսամեակին ԵԱՏՄի երկիրներուն հետ փոխադարձ առեւտուրը 2021ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աւելցած է 52.5 տոկոսով եւ կազմած 1.7 միլիառ տոլար:
Փաշինեան 25 Օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ Փութինի հետ եւ յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ռուսիա կը շարունակեն քաղաքական երկխօսութիւնը՝ բարձրագոյն մակարդակով: «Վստահ եմ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մենք միասին դուրս պիտի գանք իրավիճակէն, որ հարցեր կը յառաջացնէ մեր տնտեսութիւններու, մեր համագործակցութեան համար», նշեց Փաշինեան` չմանրամասնելով, ո՛ր հարցերու մասին է խօսքը:
Փաշինեանը նաեւ առաջարկեց միութեան մէջ կազի ընդհանուր շուկայ կազմել: Առաջարկը նոր չէ, սակայն անդամ երկիրները մինչ օրս չեն յաջողած անոր շուրջ համաձայնութեան գալ: