Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագիծի ծիրին մէջ, տարանցման մաքսային ընթացակարգերը յստակացնելու նպատակով, առաջնային տուեալներու ելեկտրոնային փոխանակման վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրեցին: Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ 18 Օգոստոսին` Պաքուի մէջ, երեք երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ մաքսային հարցերոու եռակողմ յանձնախումբի նիստի ծիրին մէջ: