ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կիրակի, 14 Օգոստոսին, «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած հսկայ պայթումին պատճառով արձանագրուած մարդկային կորուստներուն համար ցաւակցագիրներ յղուեցան Հայաստանին:
Ցաւակցագիր յղողներու կարգին էին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ, ՀԱՊԿի Ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Ցաւակցութիւն յայտնեցին եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իրանի, Լիբանանի, Չինաստանի, Պուլկարիոյ, Վրաստանի, Կիպրոսի, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու դեսպանութիւնները:
Հայաստանի ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան: