
ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, թէ լոյս տեսած է ընկերակցութեան պարբերաթերթի նորագոյն թիւը (28րդ տարուան 2րդը), խմբագրութեամբ դոկտորներ Թամար Պոյաճեանի եւ Ռէյչըլ Կօշկարեանի։
Թիւը կը սկսի Արսինէ Խանճեանի հետ Մարի-Օտ Պարոնեանի եւ Էրիքա Պիօլչինի զրոյցով մը, որ նուիրուած է Ցեղասպանութենէն փրկուելէ ետք Միացեալ Նահանգներու մէջ Ցեղասպանութեան մասին առաջին ֆիլմի դերակատար Օրարա Մարտիկեանի ապրած իւրայատուկ փորձառութեան։
Ապա Զապէլ Եսայեանի նուիրուած յօդուածներ ունին Դալար Շահինեան, Մարալ Աքթոքմաքեան, Մերիամ Պելլի եւ Էլիզ Սեմէրճեան։
Այնուհետեւ կայ յօդուած մը՝ նուիրուած Պոլսոյ հայկական թատրոնին, որուն հեղինակն է Այշան Սոնմեզ, իսկ հայկական յաւերժութեան նշանին մասին ուսումնասիրութեան մը հեղինակած են Լորենզօ Տոմինիոնին եւ Անդրանիկ Պալեան։
Պարբերաթերթին մէջ կան նաեւ գրախօսականներ Նազան Մաքսուտեանի, Ռէյչըլ Կօշկարեանի, Կալինա Թիրնանիչի, Նիքլոլաս Թրեփանիէրի եւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանի հեղինակութեամբ։
Ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։