Քաթարի պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Թանիի ցուցմունքներուն հիման վրայ, Քաթարի պետութիւնը որոշած է լիբանանեան բանակին 60 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել:
Քաթարի լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ այս աջակցութիւնը կը կատարուի Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մուհամմատ պըն Ապտըլ Ռահման Թանիի Լիբանան կատարած այցելութեան լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ կը մնայ լիբանանեան պետութեան զօրակցելու եւ լիբանանցի ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու՝ քաթարեան իշխանութիւններուն յանձնառութեան ծիրին մէջ: