
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ջութակահար Արա Մալիքեանի` 11 Յունիսին Անգարայի մէջ նախատեսուած համերգը ջնջեց` առանց պատճառը նշելու: Այս մասին հաղորդեցին թրքական աղբիւրներ՝ աւելցնելով, որ վերջին երկու շաբաթներուն երկրին մէջ բազմաթիւ համերգներ ջնջուած են:
Ըստ տեղական լրատուամիջոցներու, Մալիքեան «Մշակութային ուղիի փառատօն»ի ծիրին մէջ համերգ պիտի ունենար նախագահական սինֆոնիք նուագախումբին հետ: Համերգի տոմսեր գնած անձերը պատգամով մը տեղեակ պահուեցան, որ ձեռնարկը ջնջուած է, սակայն որեւէ այլ բացատրութիւն չստացան:
Մալիքեանի համերգիը ջնջելը երաժիշտներու, դերասաններու, փաստաբաններու եւ մարդկային իրաւանց գործիչներու կողմէ քննադատութեան ենթարկուեցաւ:
Մալիքեան ընկերային ցանցերու վրայ թուրքերու կողմէ բուռն քննադատութիւններու ենթարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախապէս անոր կատարած յայտարարութիւններուն համար: Թուրքեր «Թուիթըր»ի վրայ հայ ջութակահարը կոչեցին «թուրքերու թշնամին» եւ մշակոյթի նախարարութեան կոչ ուղղեցին ջնջելու համերգը:
Նշենք, որ աշխարհահռչակ Արա Մալիքեան 2012ին Պոլսոյ եւ 2019ին Իզմիրի մէջ համերգներ տուած էր: