ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ Կիրակի օր, Թեհրանի մէջ ահաբեկուեցաւ իր բարձրաստիճան սպաներէն Հասան Սայատ Խոտային՝ աւելցնելով. «Ահաբեկչական գործողութիւնը գործադրուեցաւ յեղափոխութեան թշնամիներուն եւ համաշխարհային ամբարտաւանութեան հետեւորդներուն կողմէ»:
«Թասնիմ» իրանեանեան լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ահաբեկչութիւնը կատարուած է սպային տան մօտ գտնուող փոքր թաղի մը մէջ, երբ ան կը պատրաստուէր տուն մտնելու:
Նշենք, որ նախքան այս ահաբեկումը, Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարած էր, թէ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան առնչակից ցանց մը ձերբակալած է:
Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի Երկուշաբթի օր խոստացաւ սպանութեան վրէժը լուծել։