
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 44օրեայ պատերազմին պատճառով Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ կը նախատեսուի 20-25 հազար անձեր բնակեցնել։
Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնեց Շուշիի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Այտըն Քերիմով։
Ան յայտնեց, որ պատրաստուած է Շուշի քաղաքի նոր գլխաւոր յատակագիծը, ըստ որուն, կը նախատեսուի քաղաքին մէջ բնակեցնել 20,000-25,000 անձեր։ Ըստ անոր՝ պիտի կառուցուին 24 շէնքեր։