ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 61րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցող ԱԳ նախարար Վարդան Օսկանեան երէկ, Սեպտեմբեր 26ին հանդիպեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցաւ բանակցութիւններու ներկայ իրավիճակը՝ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի օրակարգին ՎՈՒԱՄի նոր նախաձեռնութեան պարունակին մէջ:
Զրուցակիցները անդրադարձան հնարաւոր զարգացումներուն եւ բանակցութիւններու վերսկսման հնարաւորութիւններուն: