ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 28 Մարտին ընդունեց Անհետ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող միջազգային յանձնաժողովի գլխաւոր տնօրէն Քեթրին Պոմպերկըրին գլխաւորած պատուիրակութիւնը
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Հոլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան:
Սուրէն Պապիկեան գոհունակութիւն յայտնեց Անհետ կորսուածներու հարցերով զբաղող միջազգային յանձնաժողովի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շահագրգիռ կառոյցներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան առնչութեամբ՝ յոյս յայտնելով, որ անիկա շարունակական բնոյթ պիտի կրէ:
Զրուցակիցները քննարկեցին արցախեան երկու պատերազմներուն պատճառով անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրները յստակացնելուն վերաբերող աշխատանքներու համակարգման շարք մը հարցեր: