
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ մահը երկար տարիներու կուսակցական գործիչ եւ ղեկավար Խոսրով Ասոյեանի, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մարտ 3ին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Ընկեր Ասոյեան քանի մը առիթներով եղած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ գործօն անդամ մըն էր Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի համայնքէն ներս։ Ան նաեւ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է 1990ականներուն «Արցախ ֆոնտ»ի աշխատանքներուն կազմակերպման մէջ եւ աշխատակցած էր «Ասպարէզ»ին։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ