
Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւնը՝ ՖԻՏԷն, հրապարակեց Մարտ ամսուան միջազգային նոր դասաւորումը:
Առաջին հարիւրին մէջ են Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ:
Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 56րդ դիրքը, իսկ Հրանդ Մելքումեան յայտնուեցաւ 95րդ դիրքին վրայ:
Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Լեւոն Արոնեան, որ այժմ կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները, կը գտնուի 4րդ դիրքին վրայ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը մնայ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընը: