ՔԻԵՒ, «Պի.Պի.Սի.».- Հինգշաբթի օր, մինչ Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ սահմանուեցան, ռուսական ուժերը շարունակեցին յարձակիլ Ուքրանիոյ վրայ, հարուածելով յատկապէս գլխաւոր՝ Քիեւ եւ Խարքով քաղաքները եւ գրաւելով հարաւային Խերսոն նաւահանգիստը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ռազմական գործողութեան առաջին 7 օրերուն ընթացքին սպաննուած են 498 ռուս զինուորներ եւ վիրաւորուած են մօտաւորապէս 1600 ուրիշներ:
Հինգշաբթի օր, զինադադար հաստատելու նպատակով Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններուն միջեւ այս շաբթուան երկրորդ հանդիպումը եւս ապարդիւն աւարտեցաւ, որմէ ետք Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի կոչ ըրաւ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինին, որ զինադադար հաստատելու նպատակով անյապաղ երկկողմանի հանդիպում մը ունենան: Ան միաժամանակ Արեւմուտքին կոչ ըրաւ, որ յաւելեալ ռազմական օդանաւեր տրամադրէ:
Միւս կողմէ, հաղորդուեցաւ, որ թրքական իշխանութիւնները չեն արտօնած ռուսական չորս ռազմանաւերու անցքը Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցներէն: Թուրքիոյ արտաքին նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնեց, թէ Թուրքիա պահանջած է Ռուսիայէն, որ Սեւ ծովու նաւատորմին մաս չկազմող նաւերու նեղուցներէն անցքը կասեցնել եւ ըստ իրեն՝ ռուսական կողմը համաձայնած է այս պահանջին:
Թուրքիա կը պնդէ, որ հաւատարիմ է Մոնթրոյի ուխտին, որուն համաձայն՝ ոչ-սեւծովեան երկիրներու ռազմանաւերը Սեւ ծովին մէջ կրնան մնալ երեք շաբաթէն ոչ աւելի: Արտակարգ իրավիճակներուն մէջ, Թուրքիա, եթէ զինուած հակամարտութեան կողմ չի հանդիսանար, իրաւունք ունի արգիլելու կամ սահմանափակելու նեղուցներէն անցքը: