
Բարի Լոյս
ԱՐԱԶ ԱՐԹԻՆԵԱՆ
Առաւօտեան ժամը ութն է: Դուրսը` քամի եւ արեւ: Հեռուէն կը լսուի ինքնաշարժի դռներու փակուիլը: Երկու անհատ կը մօտենան North Hills-ի շէնքի մը մուտքին: Հայր մըն է, որ իր մէկ ձեռքով բռնած է իր դուստրը, իսկ միւսով`երեխայի մը քնապարկը եւ ջուրի շիշը: Ճիշդ այս վայրկեանին է, որ կը հնչեն հայերէնով մեր լեզուի ամենէն քաղցր բառերէն երկուքը` բարի լոյս: «Բարի լոյս» կ՛ըսէ Էլիզապէթ Քահուէճեանը` մեր ուսուցչուհիներէն մէկը: Փոքրիկին տաքութիւնը ստուգելու ընթացքին, ան կը խնդրէ հօրմէն, որ առաւօտեան ներկայ-բացակայութեան թուղթը ստորագրէ: Covid համաճարակի տարիներն են: Ծնողներուն դժուարացած է մուտքը դպրոցէն ներս: Կը մնայ պարզապէս գրկել իրենց զաւակները ու բաժնուիլ իրենցմէ, վստահ ըլլալով, որ անոնք ապահով եւ գուրգուրոտ ձեռքերու մէջ են ամբողջ օր մը: Տարիներու ընթացքին շատ բաներ փոխուած են այս հաստատութենէն ներս, բայց շատ մը բաներ կը մնան նոյնը:
Հազարներով «բարի լոյս» լսուած է հոս` Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրէն ներս: Այս տարի կը տօնենք մեր 30ամեակը: Երեսուն տարիներու ընթացքին, հազարէ աւելի փոքրիկներ աւարտած են այս մանկամսուրը, որուն առաքելութիւնը եղած է ապահովել ուսումնասիրուած եւ որակեալ մանկավարժական ծրագիր: Մենք յանձնառութիւնը ունինք յարգելու եւ աջակցելու ընտանիքներուն` իրենց երեխաներու կրթութեան ճամբով: «Երեխայ մեծցնել` տալով իրեն հայեցի դաստիարակութիւն, մշակելով իր մէջ սէր հանդէպ հայ լեզուին, դրական քաջալերութեամբ, ինքս օրինակ դառնալով իրենց: Այս է ամէնօրեայ նպատակս», կ՛ըսէ Շողիկ Լիպարեան` ուսուցչուհիներէն մէկը, որ արդէն 20 տարի է կը գործէ մանկամսուրէն ներս:

Հայրենիքէն հեռու ըլլալով հանդերձ, ո՛չ մէկ հայկական տօն կամ սովորութիւն մոռցուած է այստեղ: Ըլլայ հայկական Ծնունդը, Զատիկը, Վարդանանքը, Տրնդեզը, Վարդավառը, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը, լաւաշ կամ ղափամա պատրաստելն ու եփելը` ամէն ինչ կը նշուի եւ այնքա՜ն եռանդով: Հայկական երաժշտութիւնը միշտ ներկայ է եւ նոյնիսկ մասնագէտ պարուսոյցներ կը հրաւիրուին փոքրիկներուն հայկական ազգային եւ գաւառական պարեր սորվեցնելու համար: Այս տողերը գրելու ընթացքին արդէն կը լսուին փոքրիկներու ձայներ, որոնք կ’երգեն «Յառա՜ջ, յառա՜ջ, մի՛շտ քայլենք յառա՜ջ, Քաջ Վարդանին թոռնիկներն ենք քա՛ջ»: Վարդան Մամիկոնեանի Աւարայրի ճակատամարտի հերոսական պատմութեան միջոցաւ, այս փոքրիկները իրենց վաղ տարիքէն կը սորվին, որ որքան անձնազոհութիւն է պէտք պահպանելու ազգային ինքնութիւնը եւ ազատութիւնը: Այս դասերը ներկայացուած են պատմութիւններով, ինչպէս նաեւ երաժշտութեամբ, գեղարուեստական աշխատանքներով եւ նկարչութեամբ:
Փոքրիկներու ծրագրերը պատրաստելու ընթացքին, ուսուցիչները կ՛օգտագործեն նաեւ Reggio Emilia-յի մօտեցումը եւ Outdoor Classroom փիլիսոփայութիւնը: Դուրսը, երեխաները յաճախ կը նախաձեռնեն իրենց իսկ սորվելու փորձառութիւններուն, ունենալով իրենց կողքին ուսուցիչներ, որ միշտ պատրաստ են օգնելու: Ծրագրին այս մասը փոքրիկը կը պահէ հետաքրքրուած եւ կը մատուցէ խնդիր լուծելու իսկական մարտահրաւէրներ: Ուսուցիչը կը սրէ երեխային հետաքրքրութիւնը եւ կը խրախուսէ, որ երեխան ինքն իր պատասխանները գտնէ իր պրպտումներուն համաձայն:
«Իբր ՀՕՄի Փիլաւճեան մանկամսուրի տնօրէնուհի 1991էն ի վեր` շատ ուրախ եմ, որ կը յարգուի մեր փոքրիկներուն արժանապատուութիւնը: Միշտ կը քաջալերենք, որ անոնք ծաղկին իմացական, հոգեկան եւ ֆիզիքական ոլորտներուն մէջ : Այստեղ ամէն ուսուցիչ իր դասարանի երեխաներուն կու տայ միջոցներ, որպէսզի իրենք-իրենց, կամաց-կամաց, թռիչք առնեն» կ՛ըսէ Վեհիկ Գաբրիէլեան, մանկամսուրի տնօրէնուհին: «Նոյնիսկ Covid-ի այս դժուար պայմաններով, կը ձգտինք, որ ծնողները ուրախ եւ գոհ պահենք` միշտ նպատակ ունենալով բարձրագոյն փորձառութիւնը տալ իրենց զաւակներուն»:
Այն ծնողները, որ ունեցած են մէկէ աւելի զաւակներ, որոնք յաճախած են ՀՕՄի Փիլաւճեան մանկամսուրը, լաւագոյն վկաներն են Գաբրիէլեանի նուիրումին եւ հեռատեսութեան: «Միշտ բարելաւում կայ մանկամսուրէն ներս», կ՛ըսէ Սարին Սորֆազեան` դպրոցի խորհուրդի անդամ եւ քարտուղար, ինչպէս նաեւ ծնող: «Երկու տարիներու տարբերութիւն կայ անդրանիկ տղուս եւ փոքր աղջկաս միջեւ: Այդ երկու կարճ տարիներուն ընթացքին նոյնիսկ, մանկամսուրը յառաջ գացած է, եւ կը շարունակէ յառաջդիմել: Թատերական անկիւնը այսօր նման է իսկական տան մը, իր խոհանոցով եւ նստասենեակով: Կարդալու անկիւնը բնութեան մէջ է եւ այնքան տաքուկ: Ամէն տարի նորութիւն մը կայ: Կրնամ երեւակայել, թէ ինչպէս փոխուած պիտի ըլլայ այն ժամանակ, երբ թոռնիկներս Փիլաւճեան մանկամսուր բերեմ»:
Սորֆազեան, իր խօսքերուն մէջ տարուած, կը յուզուի: «Կարծես մօրս կամ քրոջս տունը ձգած ըլլամ աղջիկս: Ճիշդ այդ զգացումը կը զգամ, երբ զաւակս առաւօտները մանկամսուր կը ձգեմ: Ուսուցչական կազմի սէրը ուրիշ է: Բոլոր դասարաններու ուսուցիչները անխտիր երեխաս իր անունով կը ճանչնան, զինք ժպիտով կ՛ընդունին եւ բարի լոյս կ՛ըսեն: Զաւակս ալ, նոյն ձեւով, ամէն ուսուցիչի անունը գիտէ: Տունի նման է այս հաստատութիւնը», կ՛աւելցնէ Սորֆազեան:
Արդէն կ.ե. ժամը 2:15 է: Ծնողները կու գան իրենց երեխաները առնելու մանկամսուրէն: Բարձրախօսէն կրկին կը լսուի հայկական երաժշտութիւն: Յասմիկ Նազարեան, ուսուցչուհիներէն մէկը, դպրոց ելքին շուրջպար կը պարէ իր 2 տարեկան աշակերտներուն հետ: Պէտք է արդէն յոգնած ըլլար, կը մտածես: «Կեանքիս մէջ ուրիշ գործ չէի ուզեր ընել: Այդ սէրը, որ հոս կը ստանաս անփոխարինելի է», կ՛ըսէ ան:
30 տարուան սիրոյ պատմութիւն…
Այս է որ մենք կը տօնենք այսօր:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապուեցէք (818) 892-9540 թիւին կամ ալցելեցէք մեր կայքը։



















