
ԱՇԽԱՐՀԸ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ
ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Հինգշաբթի օր, Ռուսիա բազմաճակատ յարձակումի մը դիմեց Ուքրանիոյ դէմ, ներխուժելով արեւելեան Ուքրանիա եւ այլ տարածքներէ ներս, միաժամանակ ռմբակոծելով Ուքրանիոյ տարածքին գտնուող ռազմական դիրքեր եւ օդակայաններ: Վնասներ կ՛արձանագրուին նաեւ քաղաքացիական շրջաններու մէջ, սակայն զոհերու մասին յստակ տուեալներ չկան տակաւին: Տեղեկութիւններ կան, թէ թէժ մարտներ կ՛ընթանան Քիեւի մօտակայ օդակայանը մը շուրջ:
Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կոչ ըրին միջազգային համայնքին, որ ռազմական եւ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրէ, դատապարտելով իր սահմաններէն ներս Մոսկուայի ոտնձգութիւնները:
Նշենք, որ այս շաբթուան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրեց արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնպաս շրջանի երկու ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն՝ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի, անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրները, որոնց մէջ Մոսկուա ռազմական աջակցութիւն կը խոստանայ անոնց:
Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Ճափոնի եւ շարք մը երկիրներու իշխանութիւնները խստօրէն դատապարտեցին Ռուսիոյ յարձակումը, զայն միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտում նկատելով:
Անոնք նաեւ սկսան յաւելեալ ելեւմտական եւ առեւտրական պատժամիջոցներ հաստատել Մոսկուայի դէմ, ընդունելով, որ Ուքրանիան պաշտպանելու համար ռազմական ուղղակի միջամտութիւն մը կրնայ համաշխարհային պատերազմի մը առաջնորդել:
Մոսկուա կը պնդէ, թէ Տոնպասի ռուսամէտ քաղաքացիները հալածանքներու կ՛ենթարկուին Ուքրանիոյ կողմէ եւ արեւելեան Ուքրանիա ներխուժումը կը ներկայացնէ իբրեւ շրջանի ռուսախօս քաղաքացիները պաշտպանելու գործողութիւն: Քիեւ անհիմն կը նկատէ Մոսկուայի այս պնդումները: