
ՎԱՀԱՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 12 Փետրուար 1925ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Վահան Տէմիրճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 28 Յունուար 2022ին։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2022ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակները՝ Անի Սարտարեան եւ զաւակները
Մայք եւ Էլօ Տէմիրճեան եւ զաւակները
Լենա եւ Հրայր Գարակէօզեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Ալիս Ապաճեան եւ զաւակները
Հարազատը՝ Արտակ քհնյ. եւ Սօսի Տէմիրճեան եւ զաւակները
Եւ համայն Տէմիրճեան, Ապաճեան, Գազանճեան, Գարակէօզեան, Պապայեան, Առաքելեան, Տէրտէրեան, Սարգիսեան, Մահսէրէճեան, Թորոյեան, Թօփալեան եւ Եաղճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի «Լիբանանի Կողքին» Շտապ Օգնութեան ծրագիրին (ARS Stand with Lebanon, Humanitarian Relief Project)։
ՎԱՀԱՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ Հոգեբանական կեդրոնի տնօրէնութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի երկար տարիներու պաշտօնեայ Լենա Գարակէօզեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։