ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ծանօթ.- Այս մտորումներս գրի առնուած են… 1969ին, եւ չեմ գիտեր ինչու ձեռագիրս մնացեր է օրատետրի էջերուս մէջ։ Ուրախ եմ, որ զայն գտայ այս օրերուն, եւ քանի որ «Հորիզոն»ը հորիզոնին վրայ չկար այն ատեն, եւ «Հայրենիք»ն էր իմ բեմը, անո՛ր էջերէն է, որ կը փափաքիմ զայն յանձնել ընթերցողին ուշադրութեան։
Կուսակցական ժողովի ենք գացած։ Ժողովը տակաւին պաշտօնապէս չէ բացուած, սակայն ընկեր-ընկերուհիներու մեծամասնութիւնը հոն է եւ սրահին օդը արդէն իսկ ծանրաբեռնուած է անխուսափելի ծուխով, որմէ մաս մը՝ հանգչած մեր բաճկոններուն եւ շապիկներուն վրայ, օրուան տպաւորութիւններուն հետ տուն պիտի տանինք մեզի հետ։
Կը նկատեմ, որ ընկեր մը կը մօտենայ դիւանին ու ատենապետին առջեւ կը դնէ ոչ-զանցառելի գումար մը։
– Տուգանքս է,_ կ՛ըսէ,_ երէկ ներկայ չեղայ զբօսապտոյտին, քաղաքէն կը բացակայէի, խնդրեմ ընդունիք։
Ես, աննկատ, կը հետեւիմ այդ պահու տրամային, եւ քիչ մը հիացած, քիչ մը զարմացած՝ անդին կը քաշուիմ հասկնալ կարենալու համար անցած-դարձածը։ Ամբողջ պատահարը մէկ վայրկեան չէ տեւած, բայց դարերու խորութիւն ունեցող վայրկեաններ ալ ըլլալու են, իսկ դարերու իմաստը դժուար թէ կարենաս այդքան արագ ըմբռնել։
Ո՞վ է այդ ընկերը. ես զինք ճանչցած եմ որպէս խոնարհ անձ մը, անոնցմէ, որոնց ներկայութիւնը կամ բացակայութիւնը չես իսկ զգար ժողովի ընթացքին։ Եւ ահա յանկարծ, թէկուզ իր այդ խոնարհութենէն իսկ մղուած, դադրեցաւ շատերէն մէկը ըլլալէ, դարձաւ անհատականութիւն մը, բան մը խորհրդանշող ընկեր մը, դարձաւ արժանաւոր սերունդի մը խորհրդանի՛շը։
Ի վերջոյ, կրնամ մտածել, ի՞նչ է ըրածը. աւելորդ խանդավառութի՞ւն մը, կամ զոհաբերութի՞ւն մը ցոյց տալ, մի՞թէ trop de zele մը՝ «աւելորդ ոգեւորութի՞ւն մը»։ Որեւէ պարտաւորութիւն չունէր զբօսապտոյտին մասնակցելու։ Ես ալ չէի գացած, եւ ոչ թէ որովհետեւ բանաւոր պատճառ մը ունէի, իրեն պէս, այլ պարզապէս չէի ուզած երթալ եւ Կիրակիս անցընելու աւելի իմաստալից միջոց էի փնտռած ինծի համար։ Ուրեմն, ծիծաղելի չէ՞ր ըրածը։
Յետոյ սակայն ինքս իմ վրայ է, որ կը ծիծաղիմ։ Աւելի ճիշդ՝ կը խղճա՛մ, փոքր կը զգամ ես զիս՝ այդ համեստ ընկերոջ խոր գիտակցութեան առջեւ։
Եւ կը տեսնեմ նմանութիւն մը իր այդ արարքին եւ մեր սա պահուն ըրածին միջեւ։ Ժողո՜վ։ Արդարեւ ի՞նչ գործ ունիմ ես այստեղ, այդ ծուխէն այլեւս այնքան անտանելի դարձած սրահին մէջ, սա բազմութեան հետ, այս մարդոց հետ, որոնք եկեր են ու խօսք կ՛առնեն, խօսք կու տան, անիմաստ խօսքեր կ՛ընեն յաճախ։ Ժամավաճառութիւն չէ՞ ըրածս, չե՞մ կրնար աւելի օգտակար կերպով լեցնել այնքա՜ն սուղ սա քանի մը ժամերս։ Բայց ո՛չ։
Այդ ընկերոջ ըրածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ մեր այս ըրածին պատկերաւոր եւ խիտ ներկայացումը։
Կամաւոր տուգանք մը չէ՞ արդեօք մեր կուսակցական ըլլալը, ինքնապարտադրեալ տուգանքում մը՝ ա՛յլ բացակայութեան մը դիմաց, բացակայութիւն մը, որ պարտազանցութիւն կը համարենք, ճիշդ այնպէս ինչպէս այդ ընկերը իր ստիպողակա՛ն բացակայութիւնը յանցանք է համարեր։
Մենք ալ կը բացակայինք, բայց ոչ թէ զբօսապտոյտէ մը, որ վաղը կրնայ կրկնուիլ, այլ Հայրենիքէն, որ անկրկնելի է, եւ մեր այդ ակամայ, այլեւ պարտադրուած բացակայութիւնը հանգիստ չի ձգեր մեր խիղճը։
Այնտեղ՝ Արարատի այն կողմը, մեր ազգակիցները իրենց արեամբ ու քրտինքով մեր երկիրն է, որ կը կերտեն, իսկ մենք մասնակից չենք հայրենակերտումի այդ գործին։ Ինքզինք հայ դաւանողին համար ասկէ աւելի մեծ պարտազանցութիւն կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ։
Եւ որովհետեւ նիւթական հատուցումով մը չենք կրնար հաշտուիլ մենք մեր խղճին հետ, ապա մեր մեղքը քաւելու համար ընտրեր ենք միակ կարելի, միակ հնարաւոր ուղին, եւ ահա այսօր այստեղ ենք՝ ժողովի, կարեւոր ու անկարեւոր բաներու մասին խօսելու համար, վիճելու, զիրար վիրաւորելու նոյնիսկ, ապա որոշումներ տալու, որոշումներու ենթարկուելու, եւ այսպէս՝ ժամեր շարունակ, օրե՜ր, տարինե՜ր, հաւատալով, որ մեր կամաւոր տուգանքն է, որ կու տանք մեր ազգին, կու տանք ցաւ ի սիրտ, կու տանք այն հաստատ համոզումով, թէ օր մը մենք ալ ի վերջոյ պիտի մասնակցինք «զբօսապտոյտին»…