Երկուշաբթի, Փետրուար 7ի երեկոյեան, 25 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ մասնակցեցան Արեւելեան Ամերիկայի կիրակնօրեայ դպրոցներու վերապատրաստութեան առցանց ծրագրի հինգերորդ դասախօսութեան։ Ծրագիրը կազմակերպուած է Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ։ Բացման աղօթքը կատարեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։
«Նիկիական հանգանակը» նիւթը ներկայացուց Նայիրի Պալճեան, որ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մեսեչուսեց) կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնուհին է։ Դասախօսը նախ անդրադարձաւ առաջին երկու Տիեզերական ժողովներուն (Նիկիա՝ 325, եւ Կ. Պոլիս՝ 381), ուր Նիկիոյ հանգանակը բանաձեւուած է։ Այնուհետեւ, բացատրեց հանգանակի կառոյցը, նշելով հայերէն բնագրի առանձնայատկութիւնները։ Իր եզրակացութեան մէջ, ան թելադրեց զանազան ձեւեր, զորս կիրակնօրեայ դպրոցներու տարբեր դասարաններու ուսուցիչներ կրնան գործածել՝ հանգանակի մասին դասաւանդելու համար։