ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճան Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ սկսած է ճանապարհային ենթակառոյցներու մէկ այլ ծրագիրի գործադրման։ Խօսքը շինութեան մասին է Ակնա (Աղդամ)-Վարանդա (Ֆիզուլի) ինքնաշարժի ճամբուն, որուն հիմը դրուած է 17 Հոկտեմբեր 2021ին՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Վարանդա կատարած այցելութեան ատեն։ Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Ճամբու երկարութիւնը պիտի ըլլայ 64.8 քիլոմեթր․ երթեւեկելի մասի լայնութիւնը 15 մեթր է։ Ներկայիս Ակնա-Վարանդա ինքնաշարժի ճամբուն հողային աշխատանքներ կը կատարուին։ Կը նախատեսուի նաեւ 60 ջրատարներու, 5 ստորգետնեայ անցումներու եւ 3 նոր ճանապարհային կամուրջներու կառուցումը։