ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նիւ Եորքի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի (MoMA) մնայուն պահպանութեան յանձնուեցաւ Սերգէյ Փարաջանովի վերականգնուած երեք կարճ ֆիլմերու («Յակոբ Յովնաթանեան» (Հայաստան, 1967), «Կիեւեան Որմնանկարներ» (Ուքրանիա, 1966) եւ «Արաբանախշեր Փիրոսմանիի Թեմաներով» (Վրաստան, 1986) ժապաւէններու օրինակները` ապահովելով հաւաքածոյին մէջ փարաջանովեան արուեստի անփոխարինելի ներկայութիւնը:
Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնէն կը յայտնեն, որ այս առիթով թանգարանը 19-20 Յունուար 2022ին` The MoMA International Festival of Film Preservation «To Save and Project» ծրագիրի ծիրին մէջ, արուեստասէր հանրութեան ներկայացուց Սերգէյ Փարաջանովի բանաստեղծական վաւերագրութեան իւրօրինակ ամբողջութիւնը` եռապատկերը:
Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի եւ «Համօ Բեկնազարով նախագիծ» ընկերութեան համագործակցութեան շնորհիւ իրականացուած են Սերգէյ Փարաջանովի երեք կարճ ֆիլմերու վերականգնման եւ ժապաւէնային տպագրութեան աշխատանքները: Ֆիլմերու վերականգնումը կատարուած է լոնտոնեան CPC ընկերութեան ֆինանսաւորումով, իսկ ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի կեդրոնին կողմէ ֆինանսաւորուած է վերականգնուած օրինակներու ժապաւէնային (35 մմ) տպագրութիւնը` 5 օրինակներով: Օրինակներէն մէկը կը պահուի Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին մէջ, մէկական օրինակներ տրուած են Վրաստանին եւ Ուքրանիոյ: Մէկական օրինակներ ալ մնայուն պահպանման յանձնուեցան Նիւ Եորքի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին եւ Փարիզի «Ժորժ Փոմփիտու» արուեստի կեդրոնին:
Փարաջանովի կարճ ֆիլմերու վերականգնուած ժապաւէնային եռապատփեղկը ճիծդ ամիս մը առաջ (15 Դեկտեմբեր 2021ին) հանդիսաւոր պայմաններու մէջ մնայուն պահպանութեան յանձնուեցաւ Փարիզի «Ժորժ Փոմփիտու» արուեստի կեդրոնին: Փարաջանովի «Յակոբ Յովնաթանեան»ը հայկական առաջին ֆիլմն է, որ իր կարեւոր տեղը կը գրաւէ համաշխարհային տարողութիւն ունեցող երկու մեծ արուեստի կեդրոններուն մէջ` MoMA-ի եւ «Փոմփիտու»ի:
Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնը վերականգնուած երեք կարճ ֆիլմերու ծրագիրը իրականացնելու նպատակով համագործակցած է Ուքրանիոյ (Տովժենքոյի կեդրոն), Վրաստանի (Վրացական ֆիլմ), Ռուսիոյ (Gosfilmofond) գործընկերներու հետ, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի (Fixafilm), Ֆրանսայի (Համօ Բեկնազարով նախագիծ), Լոնտոնի (Kino Klassika), ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի կեդրոնին հետ: