
ՊԵՐՃ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, հանգուցեալի կինը՝ Ռիթա Գաբրիէլեան, զաւակը՝ տէր եւ տիկ. Նարեկ եւ Նորա Գաբրիէլեաններ, իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին իր ուղարկած ցաւակցական գիրին համար, թեմիս առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, Անուշաւան արք. Դանիէլեանին, Գրիգոր արք. Չիֆթճեանին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ անձնակազմին, եկեղեցւոյ հովիւներուն՝ Վազգէն Ա . քհնյ. Աթմաճեանին, Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանին, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, Շամլեան Ազգային վարժարանի եւ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրի տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն, պաշտօնէութեան , ծնողա-օժանդակ մարմիններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, հեռաձայնելով, ծաղկեպսակ ուղարկելով կամ փոխան ծաղկեկողով եւ ծաղկեպսակի նուիրատուութեամբ մասնակից եղան իրենց սուգին: