ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 28 Սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 11:30ի շուրջ, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի մարզի Կութ գիւղի մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներէն արձակուած կրակոցէն վիրաւորուեցաւ N զօրամասի զինուոր, շարքային Գառնիկ Մնացականի Աբրահամեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Գառնիկ Աբրահամեանի կեանքը վտանգի տակ չէ։