ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 2020ի պատերազմին Արցախի Հանրապետութեան սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան, խիզախութեան եւ բացառիկ քաջութեան համար յետ մահու «Մարտական խաչ» 2րդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուեցաւ կուսակցական, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամ, ՀՄԸՄի Արցախի միաւորի վարչութեան անդամ Արտակ Իշխանեան: Այս մասին տեղեկացուց ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը (ԱԵՄ):
«Յաւերժ փա՛ռք, հայրենիքի պաշտապանութեան համար իր կեանքը զոհած հաւատարիմ ընկերոջը», կ՛ըսուի միութեան էջին վրայ: